ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կազմակերպութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Յունիս 9ին, Յ. Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ գրող, հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ Ռուբէն Յովսէփեանի 70ամեայ յոբելեանը։ Յոբելեարին շնորհաւորելու եկած էին ՀՀ մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարները, պատգամաւորներ, արուեստագէտներ ու հարազատներ:
Ձեռնարկը բացուեցաւ գրողի «Տաք երկիր» ստեղծագործութեան մէկ հատուածի բեմականացումով, որ պատրաստուած էր Երեւանի «Կինոյի եւ թատրոնի» հիմնարկի ուսանողներուն կողմէ:
ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան, շնորհաւորելով յոբելեարին՝ նշեց, որ ուսանելով եւ աշխատելով անոր հետ, շատ բան սորված է իր աւագ գործընկերոջմէն: Ան կարդաց ՀՅԴ կուսակցութեան ուղերձը՝ ուղղուած Ռ. Յովսէփեանին, ուր մասնաւորապէս կը նշուէր, թէ Յովսէփեան հայ մտաւորական ու գաղափարական այն սակաւաթիւ մարդոց շարքէն է, որուն թէ՛ կուսակցական, թէ՛ գրական գործունէութիւնը կը կրէ ազատութեան ու արդարութեան գաղափարախօսութեան դրոշմը։ «Նա մեծ ներդրում ունի թէ՛ արցախեան ազատամարտում, թէ՛ կուսակցութեան շարքերում, թէ՛ ՀՅԴ պաշտօնական հանդէսի՝ «Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիրի դերում, եւ թէ՛ քաղաքական դաշտում», ընդգծեց Լ. Մկրտչեան:
Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Դաւիթ Մուրադեանի կարծիքով, կը մեծարուի առաջին հերթին գրողը ու մտաւորականը, որուն ստեղծագործութիւններէն իւրաքանչիւրը կը կազմէ անոր 70ամեայ կենսագրութեան էջերը: Փոխնախարարը առանձնացուց գրողի «Անտառի տղամարդ ծառը» ակնարկը, ուր ժողովուրդը խորհրդանշող անտառը «տղամարդ ծառերի» ու հաստատուն, զօրեղ պաշտպանողներու կարիքը ունի: «Ռուբէն Յովսէփեանն էլ հէնց այդ ծառերից մէկն է մեր ժամանակներում», աւելցուց բանախօսը:
Գրական եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման գործին մէջ անոր մեծ ներդրումին համար, Ռ. Յովսէփեանին պատուոգիրեր յանձնուեցան Հայաստանի մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն կողմէ:
Երեկոն շարունակուեցաւ յոբելեարի կենսագրութեան վերաբերեալ վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեամբ, գրական ընթերցումներով, «Բերդ» պարախումբի եւ այլ վաստակաւոր արուեստագէտներու երաժշտական ներկայացումներով: