ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թիֆլիսի մէջ Երեքշաբթի, Յունիս 9ին աւարտած Բալաւածէի եւ Քարթոզիայի անուան ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարերուն ընթացքին Հայաստանի ըմբիշները նուաճեցին 7 մետալ:
Ազատ ոճի հայ ըմբիշներ Գեղամ Բաբախանեան (55 քլկ.) եւ Արթուր Բաղդասարեան (60 քլկ.) նուաճեցին պրոնզէ մետալներ, իսկ յունահռոմէական ոճի 5 ըմբիշներ՝ Արմէն Յարութիւնեան (60 քլկ.) Վահրամ Խաչատրեան (66 քլկ.) Վարշամ Բոռանեան (74 քլկ.), Արթուր Շահինեան (84 քլկ.) եւ Արման Գեղամեան (96 քլկ.) նուաճեցին արծաթէ մետալներ: