ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 9ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս, նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Սերժ Սմեսով եւ «Ֆրանկոֆոնիա» կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Լոփէզ ստորագրեցին Հայաստանի պաշտօնեաներու ֆրանսերէնի վերապատրաստման ծրագիր մը սկսելու վերաբերեալ յուշագիրը:
Յուշագիրով կը նախատեսուի երեք տարուան ընթացքին վերապատրաստել 50 հայ պաշտօնեաներ, որոնց ֆրանսերէն լեզուի գիտելիքները պիտի կատարելագործուին յատուկ դասընթացքներու միջոցով: