ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Զուարթնոց» օդակայանի հանրային գօտիի նոր համալիրի կառուցման աշխատանքները պիտի աւարտին 2011 թուականի վերջը: Ըստ «Արմէնիա» միջազգային օդանաւակայաններու ընկերութեան տնօրէն Հուան Փապլօ Կեչիճեանի, նոր շէնքի կառուցման աշխատանքները սկսած են նախորդ տարի: Այդ ուղղութեամբ նշեալ ընկերութեան ներդրումը կը կազմէ 155 միլիոն տոլար:
Փապլօ Կեչիճեանի խօսքով, համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը չէ ազդած շինարարական աշխատանքներու ընթացքին վրայ, սակայն նկատուած է ուղեւորներու հոսքի նուազում: «Չնայած դրան, մենք փորձում ենք աշխատանքը չդադարեցնել, որպէսզի ըստ ժամանակացոյցի՝ համալիրը շահագործման յանձնենք», յայտնած է ան: