Հինգշաբթի, Յունիս 11ին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը անդրադարձած է համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով 92ամեայ հայազգի միլիառատէր Քըրք Քըրքորեանի կրած վնասներուն՝ միաժամանակ նշելով, թէ Քըրքորեան, որուն 14 միլիառ տոլարի ստացուածքին արժէքը ներկայիս 2 միլիառ տոլարի սահմաններուն հասած է, շատ մտահոգ չի թուիր ըլլալ:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ Քըրքորեան անցեալին եւս փաստած է, թէ կարողութիւն ունի դէմ դնելու նման տագնապներու:
«Քըրքը նման տագնապներէ անցած է անցեալին. այս մէկը պարզապէս փոքր խոչընդոտ մըն է իր ճամբուն առջեւ», կը յայտնէ Քըրքորեանի տարիներու բարեկամ ու «Մէթրօ Կոլտըն Մայըր»ի նախկին տնօրէն Ալեքս Եմէնճեան:
Թերթը կը գրէ, թէ Քըրքորեան կը նախընտրէ կեդրոնանալ միայն քանի մը ընկերութեան վրայ՝ մերժելով զանազան մարզերու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու կամ ներդրումներ կատարելու առաջարկները:
Օրինակի համար, անոր մարդասիրական «Լինսի» հիմնարկի ստացուածին գրեթէ մէկ երրորդը կապուած է «Էմ.Ճի.Էմ.»ի բաժնետոմսերուն: Թերթին համաձայն, «Լինսի» հիմնարկը 2008ի աւարտին 507.6 միլիոն տոլար գումար մը ունէր իր հակակշռին տակ: