ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Յունիս 10ին վերոյիշեալ խորագիրը կրող լրատուութեան մէջ անդրադարձած է այն թուրք լրագրողին, որ կը դատուի Հրանդ Տինքի սպանութեան պայմաններուն մասին գիրք մը գրելուն համար։ «Իր ենթադրեալ քրէական յանցանքներուն համար, ան 28 տարուան բանտարկութիւն կը դիմագրաւէ, ինչ որ ութ տարիով աւելի է քան՝ դատապարտուելու պարագային, ոճիրին հեղինակին սպասող բանտարկութիւնը», կը գրէ օրաթերթը։ Կարգ մը ոստիկաններ կամ զինուորներ, որոնք թերացումներ ունեցած են այս ոճիրին մէջ, երկու տարուան բանտարկութեան պատիժով կը դատուին։ Այս կէտերէն մեկնելով, թրքական մամուլը դիտել կու տայ, որ գրիչը ատրճանակէն աւելի ուժեղ կը մնայ։
«Միլլիյէթ» օրաթերթի լրագրող Նէտիմ Շէնէրի հեղինակած «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եւ գաղտնի գործակալութեան սուտերը» խորագիրով գիրքը կը կեդրոնանար Տինքի սպանութենէն առաջ եւ ետք ապահովական գործակալութեանց տեղեկահաւաքի բացթողումներուն վրայ։ Հետեւաբար, ականաւոր ոստիկան մը եւ ոստիկանութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի երեք ղեկավարներ անոր դէմ բողոքագիր մը ներկայացուցած են։
Պոլսոյ դատախազի գրասենեակը Շէնէրը կ՛ամբաստանէ գաղտնի տեղեկութիւններու հրապարակումով եւ հակաահաբեկչական պաշտօնատարներ թիրախներու վերածելու յանցանքով։
«Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Շէնէր Չորեքշաբթի օր դատավարութեան բացման նիստին, մերժեց ընդունիլ յանցանքը եւ դիտել տուաւ, որ գիրքին մէջ հրապարակուած նիւթերը ամիսներ առաջ հրապարակուած էին արդէն: Ան նաեւ անհիմն գտաւ այն պնդումը, թէ իր գիրքով ազդեցութիւն կրնայ գործել այս հարցով բացուած դատերու վրայ, եւ աւելցուց. «Իմ լրագրողի պարտականութիւնն էր օգնել, որ ճշմարտութիւնները երեւան ելլեն»։
Շէնէր լրագրողներու հետ խօսելով՝ յայտնեց, թէ վստահ է, որ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, եւ թէ իրեն դէմ պահանջուած պատիժին ծանրութիւնը հաւանաբար զարմանք պատճառած է նոյնիսկ անոնց, որոնք գանգատ յայտնած են իրեն դէմ:
«Լրագրողի մը դէմ իր մէկ գիրքին համար 28 տարուան բանտարկութեան պատիժ պահանջուիլը հաւանաբար Թուրքիոյ դատական համակարգի հարցերէն մէկն է», ըսաւ ան: