ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Անդրադառնալով «Երեւան ջուր» ընկերութեան կողմէ ջուրի սակերու բարձրացման հարցին, Յունիս 10ին, ԱԺ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Հրայր Կարապետեան հարց ուղղած է, թէ՝ «Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել մեր ընդերքի հարստութեան գինը», եթէ նոյնիսկ հասկնալի է կազի եւ ուժանիւթի գիներուն բարձրացումը։
Հարցին պատասխանելով՝ Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարար, փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան ըսած է, որ ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը անխուսափելիօրէն ազդած է նաեւ ջուրի սակի բարձրացման. ըստ իրեն, «Երեւան ջուր» ֆրանսական ընկերութիւնը կը գործէ կնքուած պայմանագիրի հիման վրայ։
Հ. Կարապետեան յայտնած է նաեւ, որ ընկերութիւնը ճիշդ պիտի ընէր, եթէ նոր ներդրումներով կրճատէր ջուրի 70-80 տոկոսի հասնող կորուստները, ինչ որ կրնար հնարաւորութիւն տալ սակը կայուն պահելու, յատկապէս՝ ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն։ «Պէտք է պաշտպանել ոչ միայն արտադրողի, այլեւ սպառողի շահերը», ըսած է ԱԺ պատգամաւորը։