ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ղարաբաղի մէջ հետզհետէ կը նուազին անչափահասներու կողմէ իրականացող յանցագործութիւններուն թիւը: Համեմատելով անցեալ տարուան առաջին եռամսեակին հետ, այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին անչափահասներուն կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները նուազած են աւելի քան կէս տոկոսով:
ԼՂՀ ոստիկանութեան մէջ Անչափահասներու գործերով տեսչութեան աւագ տեսուչ, ոստիկանութեան փոխգնդապետ Վոլոդիա Աւանէսեանի խօսքերով, ընդհանուր առմամբ, անչափահասներուն կողմէ ամենաշատ յանցագործութիւնները կը կատարուին Ստեփանակերտի մէջ, ուր բնակչութիւնը աւելի խիտ է: Վերջին երկու տարուան ընթացքին անչափահասներու կողմէ յանցագործութիւն չէ կատարուած Շահումեանի շրջանին մէջ:
Փոխգնդապետ Աւանէսեանի հաւաստումով, անչափահասներուն կատարած յանցագործութիւնները յաճախ եղած են մետաղներու եւ տարբեր իրերու գողութիւններ. սպանութեան դէպքեր ընդհանրապէս չեն գրանցուած, իսկ կեանքի ու առողջութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները եղած են շատ քիչ: Ըստ Աւանէսեանի, չկան նաեւ յանցաւոր խումբեր, ինչպէս նաեւ թափառաշրջութեամբ եւ մուրացկանութեամբ զբաղող անչափահասներ: Ըստ անոր, անչափահասներու յանցագործութեան պատճառներէն մէկը ընտանիքին կողմէ տրուող ոչ ճիշդ դաստիարակութիւնն է: «Շատ յաճախ անչափահասները յանցագործութիւններ են կատարում անգիտակցաբար, առանց գիտակցելու դրանց հետեւանքները», նշած է աւագ տեսուչը, «Հետք»ին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Այդ իսկ պատճառով, Անչափահասներու գործերով տեսչութիւնը, համագործակցելով քաղաքապետարանին կից գործող անչափահասներու գործերով զբաղող յանձնաժողովին հետ՝ աշխատանքներ կը տանի անչափահասներու վերադաստիարակութեան գծով: