Մեր տան փարոսն է մայրս,
Մեր տան ճրագն է մայրս,
Մեր աղն ու հացն է մայրս
Մեր ապաւէնն է մայրս:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
ՄԱՐԱԼ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
Փասատինայի Հայ օգնութեան միութեան «Սօսէ» մասնաճիւղի Մայրերու օրուան եւ Համբարձման տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ, Շաբաթ, 16 Մայիսին, կ.ա. ժամը 11ին, «Իտըն Կարտըն» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեան, Շրջանային վարչութեան անդամ Աստղիկ Շիթիլեան, մեծ թիւով ՀՕՄուհիներ եւ հիւրեր։
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ մասնաճիւղիս ժրաջան ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան։ Ան շեշտեց Մայրերու օրուան կարեւորութիւնը ու մանաւանդ հայ մօր դերը ներկայ դժուար, տագնապալից եւ օտարամոլութեան ենթակայ մեր կեանքին մէջ։
Մինչ տեղի կ՛ունենար ճաշի սպասարկութիւնը, ներկաները հաճոյքով վայելեցին հայկական մեղեդիներ եւ ժողովրդական եղանակներ՝ մերթ ընդ մերթ լսելով ոտանաւորներէ քաղուած տողեր, ասմունքներ եւ երգեր։ Ըստ Հայկական աւանդութեան, տեղի ունեցաւ Համբարձման տօնի վիճակախաղը, որ ներկաներուն ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց։
«Սօսէ» մասնաճիւղի միօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 18 Մայիսին: Ներկայ էին մեծ թիւով ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր, եւ ՀՕՄուհիներ։
Յայտագիրը սկսաւ ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով, որոնց յաջորդեց «Հայ աշակերտին ուխտը»։
Մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Աշխէն Պէհէսնիլեան: Ան անդրադարձաւ վարժարանի ազգային առաքելութեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նախ ծնողներուն, որոնք հաւատալով հայեցի դաստիարակութեան՝ իրենց զաւակները վստահեցան այս միօրեայ վարժարանին, ապա ուսուցչուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայեցին այս վարժարանի վերելքին, ինչպէս նաեւ՝ մասնաճիւղիս բոլոր անդամներուն, որոնք անխոնջ կը հետեւին եւ կ՛աջակցին դպրոցի բոլոր ծրագիրներուն:
24 աշակերտներ ներկայացուցին գեղեցկօրէն պատրաստուած յայտագիր մը՝ հայկական պարերով, երգերով եւ ասմունքներով։ Պարգեւատրուեցան երկու ուսուցչուհիներ, իսկ յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ վարչութեան անդամներուն կողմէ։
«Սօսէ» մասնաճիւղը բոլորեց տարի մը եւս՝ լի իր բեղուն գործունէութեամբ, ձեռնարկներով եւ հանդէսներով, շքեղօրէն տօնելով իր 35ամեակը, ի մի բերոլով բոլոր քոյր մասնաճիւղերը: Այս բոլոր ձեռնարկներուն ընդմէջէն եւ շնորհիւ ՀՕՄուհիներու հաւաքական ուժին, մասնաճիւղս կարողացաւ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերել Հայաստան, Արցախ եւ æաւախք հիմնադրամին, ստանձնեց 5 ուսանող որբերու հոգատարութիւնը, պարգեւատրեց 8 աշակերտներ՝ հանրային վարժարաններու շրջանաւարտներէն, շարունակեց իր նիւթական աջակցութիւնը բերել ՀՕՄի 100ամեակի հիմնադրամին, Համահայկական եւ Հայ Դատի թելեթոններուն, Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնի գնման, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի զանազան ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ շօշափելի նուիրատուութիւններ կատարեց քոյր մասնաճիւղերուն, միութիւններուն եւ հիմնարկներուն։
Վարձքը կատար բոլորին։