ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Կիրակի, 3 Մայիս 2009ի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ Մարզախաղերու Յաղթանակի պարահանդէսի մեկնարկին ընթացքին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Զաքար Չորպաճեանին կը շնորհէ «Տիպար ՀՄԸՄական-2009» տիտղոսը:
Այս ուրախ առիթով հանդիպում մը ունեցանք եղբայր Չորպաճեանի հետ եւ մօտէն ծանօթացանք միութենական հարուստ իր կեանքին, որ գլխաւորաբար նուիրուած է ՀՄԸՄի մարզական գործունէութեան հզօրացման եւ յատկապէս ֆութպոլին: Կարելի չէ ՀՄԸՄի Լիբանանի ֆութպոլի մասին խօսիլ, առանց յիշատակելու եղբօր ներդրումը անոր զարգացման մէջ:
Զ. Չորպաճեանի միութենական կեանքը սկսած է 1945ին, ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն ներս՝ իբրեւ երէց սկաուտ, ուր յանձնառութիւն եւ գիտակցութիւն ցուցաբերելով՝ արժանացած է փոխառաջնորդի, ապա՝ առաջնորդի, եւ այնուհետեւ՝ Պուրճ Համուտի Դրատի բաժնի վարիչ-առաջնորդի պատասխանատուութիւնը, 1947-1950։
Սակայն, յատուկ սէր ունենալով մարզականի եւ յատկապէս ֆութպոլի հանդէպ՝ 1950էն ետք ան ամբողջութեամբ նետուած է մարզական կեանքի: Նոյն տարին ընտրուելով մասնաճիւղի վարչութեան անդամ՝ ամբողջութեամբ նուիրուած է ֆութպոլին եւ իր օգտակար ներդրումը ունեցած է մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբերու հզօրացման եւ արձանագրած յաջողութեանց մէջ: Իր օրերուն է, որ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բազմաթիւ մրցաշարքերու առաջնութեան բաժակներուն առընթեր, երեք անգամներ տիրացած է Լիբանանի Բ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան, եւ ութ անգամներ՝ Լեռնալիբանանի ֆութպոլի մրցաշարքերու ախոյեանութեան: Արձանագրած այս յաջողութեանց շնորհիւ, 1963ին, խումբը իր երազը իրականացնելով՝ Ա. դասակարգ բարձրացած է:
Եղբօր կազմակերպչական կարողութիւնները ՀՄԸՄէն դուրս եւս ակնյայտ դառնալով՝ յաջորդական 17 տարիներուն ընթացքին նշանակուած է Լեռնալիբանանի ֆետերասիոնի անդամ եւ արժանացած է իր գործընկերներու յարգանքին:
1955ին, առաջին անգամ ըլլալով եւ այնուհետեւ յաջորդական 10 տարիներ անընդմէջ, ան կազմակերպած է Պէյրութ-Պուրճ Համուտի երկար վազքի մրցաշարքը:
1960-1970 նշանակուած է Լիբանանի Երկրորդական վարժարաններու ֆութպոլի մրցաշարքերու կազմակերպիչ ընդհանուր պատասխանատու եւ ամբողջ 10ամեակ մը իրեն վստահուած այս պատասխանատուութիւնը լաւապէս կատարած է:
1962-1973, Լեռնալիբանանի նահանգապետին որոշումով, կազմակերպած է շրջանի համալսարաններու տարեկան ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Հոս եւս իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնը լաւապէս կատարած է եւ օրուան նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի ձեռամբ պարգեւատրուած է Լիբանանի «Արզ» շքանշանով:
1967ին, Լիբանանի ներքին գործոց նախարարի կողմէ նշանակուած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի նորաշէն մարզադաշտի բարեզարդման եւ պիւտճէի յանձնախումբի անդամ. պաշտօն մը, զոր բծախնդրութեամբ կատարած է մինչեւ 1984:
Եղբայրը, ի պաշտօնէ, ՀՄԸՄի Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերու պատուիրակութիւններուն հետ այցելած է զանազան երկիրներ՝ Սուրիա, Եգիպտոս, Քաթար, Յորդանան, Արեւելեան Եւրոպա եւ այլ երկիրներ: Յորդանանի մէջ ան արժանացած է Յորդանանի թագաւորական շքանշանին:
Եղբ. Չորպաճեան մեծ աշխատանք տարած է նաեւ թեթեւ աթլէթի մարզաճիւղէն ներս:
1967-1977 տարիներուն, իբրեւ վարչական, Պուրճ Համուտի պասքէթպոլի խումբը առաջնորդած է Եգիպտոս, ուր բազմաթիւ յաղթանականեր արձանագրած է:
Երկար տարիներ ընտրուած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի վարչութեան անդամ եւ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ՝ ատենապետ, փոխատենապետ, գանձապահ, մարզական պատասխանատու եւ այլն: Բազմաթիւ տարիներ իր մասնաճիւղը ներկայացուցած է Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնի տարեկան Ընդհ. ժողովներուն:
Եղբ. Չորպաճեան մեծ դեր ունեցած է Պէյրութէն Լոս Անճելըս այցելած եւ Քալիֆորնիոյ նորակազմ ֆութպոլի խումբերու կազմութեան ու մրցումներու կազմակերպման մէջ: Վերջինին կազմութիւնը հետագային նախաքայլը հանդիսացած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄի ֆութպոլի վեթերաններու խումբի կազմութեան:
Կեանքին մեծ մասը դաշտերու վրայ անցուցած ըլլալով, զինք կոչած են «Դաշտերու խենթ»:
Եղբօր միութենական օգտաշատ գործունէութիւնը մեծապէս գնահատուած է համապատասխան մարմիններու կողմէ: Այսպէս՝
* 15 Փետրուար 1994ին, ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջ. վարչութեան կողմէ արժանացած է «Ծառայութեան» շքանշանին:
* 28 Մայիս 1995ին, իր միութենական բեղուն գործունէութեան համար, պարգեւատրուած է ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան կողմէ:
* 27 Մարտ 2001ին՝ ՀՄԸՄի ֆութպոլի վեթերաններու խումբին կողմէ:
* 27 Մարտ 2003ին, Արտակարգ ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրուած է ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան կողմէ:
* Օգոստոս 2007ին, ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան 10ամեակին առիթով՝ գաղութէն ներս իր օգտակար գործունէութեան համար:
Զ. Չորպաճեանի համար ՀՄԸՄը կեանքի նպատակ դարձած է, եւ իր համոզումով ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած սերունդները անկասկած լաւ հայեր կը դաստիարակուին:
Իբրեւ նուիրեալ ՀՄԸՄական, եղբօր փափաքն է, որ յատկապէս նորահաս սերունդները անպայմանօրէն անդամակցին ՀՄԸՄի շարքերը եւ մարմնամարզութեան կողքին նաեւ հայրենասիրութեամբ դաստիարակուին, որպէսզի անոնց էութեան մէջ դրոշմուի ազգային պատկանելիութիւնը:
«Տիպար ՀՄԸՄական-2009» տիտղոսին արժանանալու առիթով, Զ. Չորպաճեան իր անսահման շնորհակալութիւնները կը յայտնէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան, որ արժեւորելով ՀՄԸՄականի իր գործունէութիւնը՝ կը գնահատէ զինք:
«Շնորհակալ եմ, որ Շրջանային վարչութիւնը այս պատիւին արժանի գտաւ զիս: Ուրախ եմ, որ երկար տարիներու ՀՄԸՄական գործունէութիւնս այսպիսով կ՛արժեւորուի: Առաւել ուրախ եմ, որ այսօր թոռներս նաեւ կը քալեն ՀՄԸՄի ուղիով», եղբայրը եզրակացուց ՀՄԸՄով ծաղկած իր կեանքի պատմութիւնը:
Կը շնորհաւորենք Զաքար Չորպաճեանը իր այս նոր տիտղոսին համար, որուն արժանի է անկասկած: Թող եղբօր տիպարը բարի օրինակ դառնայ բոլորիս: