Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Վերնագիրը կը թուի ըլլալ փառատօքսային, բայց կարելի է զայն սերտել:
Հարվըրտ Համալսարանի դասախօսներէն մէկը կը գրէ. «Պարզացնել մեր առօրեայ ծրագիրը, կը նշանակէ ապրիլ այնպէս, որ մեր կենցաղը արտացոլացնէ մեր կեանքի բնական ընթացքը: Ապրիլ այնպէս, որ կարելի ըլլայ կայուն կերպով յարատեւել այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ խճողուած ու խառնաշփոթ կացութեան մէջ մնացած են»:
Մասնագէտը կը թելադրէ 7 հիմնական ձեւեր.
1- Քանի մը գործ միաժամանակ մի ընէք: Կարելի է ամանները լուալու միջոցին երաժշտութիւն կամ լուրեր լսել, սակայն երբ լուրջ ու կեդրոնացում պահանջող գործի լծուած էք, երբե՛ք այլ գործ մի ծրագրէք կամ մի կատարէք: Օրինակ, երբ ձեր գործերը կը ծրագրէք ու ձեր անձնական գործին որոշ ծալքերը կը դասաւորէք, միաժամանակ ուրիշ աշխատանք մի կատարէք: Կեդրոնացէք միայն մէկ աշխատանքի վրայ եւ զայն աւարտելով ուրիշին անցէք:
2- Օրուան կատարելիքներու ցուցակը նուազագոյնի իջեցուցէք: Նախապէս դրէք այն աշխատանքը, որ, ըստ ձեզի, ամէնէն աւելի ժամանակ կը խլէ, եւ ապա յաջորդաբար միւսները տեղաւորեցէք ցուցակին վրայ եւ իրագործեցէք զանոնք: æանացէք օրական հինգ պարտականութենէ աւելի չնշանակել: Գրած ժամանակ այս մէկը կարելի է յիշել: Երբ ցուցակին թիւը կը հասնի 6ի, կը նշանակէ, թէ նոր օրուան կը պատկանի այդ պարտականութիւնը:
3- Ձեր չսիրած գործերը մի կատարէք: Երբ նախընտրութիւններ ունիք, ցանկալի է զանոնք իրականացնել եւ ձեր նուազ նախասիրած գործերը ուրիշին յանձնել, կամ պարզապէս անոնց փոխարէն այլ աշխատանք մատուցել բարեկամի մը կամ ընկերոջ մը, խնդրելով անկէ, որ այդ միջոցին ինք կատարէ այդ պարտականութիւնը: Կարելի է նաեւ մասնագէտի մը յանձնել այդ գործը: Օրինակ՝ խոտ հնձել կամ տուրքերու պատրաստութիւնը անձամբ կատարելու փոխարէն, մասնագէտի մը օգնութեան դիմեցէք:
4- Դրական եւ Լաւատես: Ինչքան երկչոտ կամ կասկածոտ ըլլանք, այնքան աւելի կը նուազի մեր կարողականութիւնը, մանաւանդ, ժամանակի իմաստով, շատ աւելի երկար ու դանդաղ պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր աշխատանք: Միշտ դուք ձեզի համար ճշդեցէք, թէ ինչքա՛ն պիտի երկարի ժամանակը այս աշխատանքին: æանացէք ժամանակը յարգել ու անոր մէջ տեղաւորել այդ աշխատանքը, զոր պահանջուած էր ձեզմէ:
5- Սահմանափակեցէք ընդմիջումները: Կարելի եղած չափով ձեր ժամանակը դուք դասաւորեցէք, թոյլ մի տաք մարդոց, որ ձեր ժամանակին ու վայրկեաններուն տէրը դառնան: Յատուկ ժամեր նշանակեցէք ձեր բարեկամներէն հեռաձայն ստանալու համար, կամ օրական միայն մէկ անգամ e-mail ստուգեցէք: Հեռաձայնի պարագային, եթէ կը զգաք, որ ենթակային հետ լաւ ու երկար խօսելու առիթ չունիք, անպայման պատգամ ստացէք ու ապա զանգեցէք, որպէսզի հաճելի ու արդիւնաւէտ խօսակցութիւն մը կարենաք քաղել:
6- Կազմակերպում՝ իբրեւ միջոց եւ ոչ նպատակ: Կազմակերպումը կը նմանի ճիշդ սննդականոնի մը հետեւելու գործին: Բոլորն ալ կը փափաքին կատարել այդ սննդականոնը, սակայն միայն ոմանք կը յաջողին: Նաեւ պէտք չէ ինքնանպատակ դարձնել կազմակերպումը: Կարգ մը մարդիկ կը մոռնան, թէ իրենց իսկական նպատակը ժամանակ խնայելն է: Այնքան կը տարուին կազմակերպական մանրամասնութիւններով, որ շուքի տակ կը պահեն իրենց իսկական նպատակը:
7- Երբեք ձեր քունի ժամը մի զոհէք: Երբ անքուն կը մնաք, ուղեղը իր աշխատանքային կարողականութենէն շատ բան կը կորսնցնէ: Հետեւաբար անքուն վիճակով աշխատանքը շատ նուազ արդիւնաւէտ է ու աւելի շատ ժամանակ խլող, որովհետեւ անիկա կը կատարուի այնպիսի պահու մը, երբ ուղեղը նուազ աշխոյժ ու կենսունակ է: Հետեւաբար, մի՛ մտածէք գործ մը կատարել անքուն վիճակի մէջ:
—————————————————————————————
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Ելակով Մատիկներ
Բաղադրութիւնը
3/4 գաւաթ կակուղցած կարագ
3/4 գաւաթ պիստակի կարագ (peanut butter)
1 գաւաթ սրճագոյն շաքար
1/2 գաւաթ քաշուած փոշի շաքար
2 թ. դգալ B.P.
1/4 թ. դգալ աղ
2 հատ հաւկիթ
1 թ. դգալ վանիլա
2 1/4 գաւաթ ալիւր
1/2 գաւաթ ելակի անուշ
4 գաւաթ մանր ելակներ՝ կիսուած կամ չորս մասերու բաժնուած
Պատրաստութիւն
1- Փուռը տաքցուցէք 350 աստիճան: Փուռի ափսէին յատակը ալամինիում թուղթով ծածկեցէք ու մէկ կողմ դրէք:
2- Խոշոր խորունկ ամանի մը մէջ դրէք կարագը եւ պիստակի կարագը եւ լաւ մը զարկէք, մինչեւ իրարու խառնուիլը: Աւելցուցէք շաքարը, B.P.ը եւ աղը ու խառնեցէք մինչեւ իրարու միախառնուիլը: Աւելցուցէք ալիւրը կամաց-կամաց: Եթէ կարելիութիւնը ունիս, ապա բոլոր խմորը շաղէ գործիքով, այլապէս կարելի եղած չափով աւելցուր ալիւրը մինչեւ թանձրանալը: Յետոյ աւելցուր մնացեալ ալիւրը եւ շաղէ ձեռքով. նախընտրելի է միշտ ձեռնոց հագնիլ խոհանոցային աշխատանքներու համար:
3- Պատրաստուած խմորը բացէք ափսէին մէջ ու եփեցէք մօտաւորապէս 25 վայրկեան, կամ մինչեւ որ կեդրոնի մասը ոսկեգոյն դառնայ:
4- Ամբողջութեամբ պաղեցուցէք պատրաստուած խմորը թելի մը վրայ եւ ապա սկսէք կտրտել մատիկներու ձեւով: Իւրաքանչիւր մատիկի վրայ քսեցէք անուշը եւ անպայման քանի մը տեսակ «պէրի»ներ: Այս չափը կը պատրաստէ 24 «մատիկներ»:
Բարի Ախորժակ: