ԱՆԱՀԻՏ ՄԷՅՄԱՐԵԱՆ
Տարիներ շարունակ տիկին Մարի Օհաննէսեանը կը ճանչնայի, իբրեւ Լոս Անճելըսի «Մեսրոպեան» Ազգ. վարժարանի հայերէն լեզուի ու հայոց պատմութեան ուսուցչուհի:
1980ական թուականներուն, երբ Հալէպի Քառէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանի հայագիտական նիւթեր դասաւանդող, 28 տարիներու ուսուցիչ, հայերէն լեզուի, քերականութեան ու գրականութեան դասագիրքերու հեղինակ եւ ներհուն մտաւորական Մկրտիչ Մկրտիչեան Լոս Անճելըս հաստատուեցաւ, Լա Վըրնի Ամերիկահայ միջազգային քոլէճի տնօրէնութեան կարգադրութեամբ՝ սկսաւ հայերէն լեզուի քերականութիւն ու գրականութիւն դասաւանդել Կլէնտէյլի մէջ հայ ուսուցիչերուն (extension courses)։
Այս դասընթացքները առիթը ստեղծեցին, որ ես Մարի Օհաննէսեանը աւելի մօտէն ճանչնամ, ապա՝ 20 տարի վայելեմ անոր ջերմիկ մտերմութիւնը։
Դասարանին մէջ Մարին, իր կնքահօր որդւոյն՝ սասունցի Մկրտիչ Մկրտիչեանին քով նստած, գեղեցիկ դէմքով եւ մեղմ ժպիտով, լուռ դասախօսութիւններուն կը հետեւէր։ Ան կարիքը չունէր այս դասընթացքներուն։ Մարին Պէյրութի ֆրանսական Սէյնթ Ճոզէֆ համալսարանին մէջ հայագիտութիւն ուսած էր՝ հայր Յովհաննէս Մսըրլեանի օրով։ Մարին, սակայն, հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը ստանար իր կնքահօր բազմահմուտ եւ բազմավաստակ որդին այս դասընթացքներուն տանիլ-բերելէն, մանաւանդ հոգեպէս կը հրճուէր, ի տես երիտասարդ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն անսխալ հայերէն սորվելու թափած ճիգերուն։
Իմ կեանքիս մէջ չեմ ճանչցած անձ մը, որ այնքան սէր ունենայ մեր Մեծասքանչին հանդէպ, որքան Մարի Օհաննէսեանը։ Ան շատ լաւ գրաբար, քերականութիւն, մատենագրութիւն, ազգային պատմութիւն գիտէր, եւ երկար տարիներ դասաւանդած էր այդ նիւթերը։ Շատ կը սրտնեղէր, զայրանալու աստիճան, երբ հեռատեսիլի վրայ կամ բեմերէն խեղճացած հայերէն լսէր։ Իսկ սովետական տիրապետութեան օրով, մեր գեղեցիկ արեւելահայերէնի խեղաթիւրուած ուղղագրութիւնը հոգեկան տագնապ ստեղծած էր անոր մէջ։
Ընկերուհի Մարի Օհաննէսեան յաճախ կը յիշէր անունը իր Հալէպի նախակրթարանի ուսուցչուհիին՝ տիկին Աղաւնի Պէքէրեանին, որ իր մէջ անսահման սէր արթնցուցած էր հայ լեզուին հանդէպ, նաեւ՝ ուսուցչական ասպարէզ նետուելու խորունկ փափաք։ Աղաւնի Պէքէրեան աշակերտուհին եղած էր նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանին։
Մարին, նոյնպէս, խոր երախտագիտութեամբ կը յիշէր իր գրաբարի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ, «հոգի թրծող», բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, սասունցի Սիմոն Սիմոնեանը, որուն մասին Մարիին հայրը կ՛ըսէր. «Սիմօ ազգի մարդ է»։
Մարի Սարգիսեան-Օհաննէսեանն ալ, իր կարգին, ուսուցչութեան ասպարէզին նուիրուեցաւ։ Ան Հայաշէն թաղի «Թորգոմեան» Ազգ. վարժարանին մէջ պաշտօնավարեց 11 տարի, Քուէյթի Ազգ. վարժարանին մէջ իբրեւ տնօրէնուհի՝ 9 տարի, իսկ Լոս Անճելըսի «Մեսրոպեան» Ազգ. վարժարանին մէջ՝ 23 տարի։ 43 տարիներու հայ ազգին համեստ, բայց բազմավաստակ կրթական մշակը, Դեկտեմբեր 27, 1998ին, իբրեւ «Տարուան Ուսուցի»չ, արժանաւոր երկու ուսուցչուհիներու հետ մեծարուեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ, իսկ Մարտ 5, 2005ին, Մոնթեպէլլոյի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին կողմէ գնահատուեցաւ իբրեւ «Տիպար կրթական մշակ»։ Մեծարանք-գնահատանքները իրենց տեղը ունին, բայց պէտք էր տեսնել Մարիին պայծառ ու ժպտուն դէմքը եւ հոգեկան հրճուանքը, երբ իր նախկին աշակերտները զինք շրջապատէին եւ վերյիշէին իր սորվեցուցած «ԱԲԳի աղուոր դասերը»։
Մարի Օհաննէսեան հաւատաւոր ու համոզուած դաշնակցական կուսակցական էր, մինչեւ իր վերջին շունչը։ Չէ՞ որ արեան մէջ Արաբոյի արիւնը կար։ Արաբոն՝ առաջին հայդուկ, նախատիպար ֆետային Մարիին հօր մօրեղբայրն էր։ Ս. Առաքելոց վանք ուսած Առաքելը (Արաբոն), 17 տարեկանին տունէն կը փախչի, ընկերներուն հետ հայդուկներու խմբակ մը կը կազմէ, երբ տակաւին կուսակցութիւններ չկային, եւ Սասնոյ ու Մուշի սարերուն վրայ առաջին անգամ ըլլալով քիւրտին եւ թուրքին դէմ զէնք կը բարձրացնէ։ Գէորգ Չաւուշ, որ կը հիանար այս բարձրահասակ, շատ գեղադէմ, արտասովոր ըմբոստ երիտասարդին վրայ, անոր խումբին կը միանայ։ Արաբօ իր մարտական գործունէութիւններուն ընթացքին կ՛անցնի ՀՅԴի շարքերը։ Ան դժբախտաբար կը սպաննուի՝ մատնութեան զոհ դառնալով։ Մարիին անունը Արաբոյի փոքր քրոջ՝ Մարիամին անունով, նաեւ իր մօրենական մեծ-մօր անունով դրուած է։
Մարիին խոր հայրենասիրութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են իր հայրն ու մայրը, եւ Հալէպի շրջապատը։ Մարիին մայրը՝ թոմարզացի Աղաւնին, շատ բարի հայուհի մըն էր։ Մարին կ՛ըսէր, թէ իր մօր աչքերուն մէջ, ամբողջ կեանքի տեւողութեան, ջարդի, կոտորածի թախիծը կար։ Սասունցի ջաղացպան հայրը՝ էրկէն (բարձրահասակ) Զաքարը, գեղադէմ, լեռնցի, պարզ բայց իմաստուն, իր պատմուածքներով ու յուշերով կաթիլ առ կաթիլ հայրենասիրութիւն ներարկած էր իր զաւակներուն երակներուն մէջ։ Մարին օր մը պատմեց, թէ ինչպէս հայրը աքսորի ճամբուն վրայ արաբ գիւղացիներու կողմէ իբրեւ աւար առնուած հայուհիներու կեանքը փրկած էր եւ իր կեանքը վտանգի տակ դրած՝ զիրենք Հալէպ փախցնելով եւ յանձնելով եկեղեցւոյն, իրենց հարազատները գտնելու համար։ «Ազգային Արժանապատուութիւն» խորագիրով յուզիչ յօդուած մըն ալ գրած էր Մարին այս նիւթին շուրջ։
1981ին Մարին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու ամուսինը՝ Յակոբ Օհաննէսեանը։ Ան իր «կեանքի ասպետ»ին, իր ամուսնոյն յիշատակին ձօնուած գիրք մը գրեց՝ «Դէպի Իմացեալ Կեանք» խորագիրով։ Հոն կը կարդանք, որ ամուսինն ալ տիպար կրթական մշակ, Քուէյթի Ազգ. վարժարանի հիմնադիրներէն եւ ուղղամիտ հասարակական գործիչ եղած է։ Գիրքը կ՛ընդգրկէ նաեւ գեղեցիկ ոճով գրուած վերլուծումներ, պատմական յօդուածներ։
Իր կեանքի ընկերը կորսնցնելէ ետք, այրի Մարին առանց ընկրկելու շարունակեց կեանքը, եւ սասունցիի իր բոլոր ուժերը հաւաքած, իր երկու որբ մանչուկները՝ Գառնիկը եւ Արան, իրենց հօրը ոգեղէն ներկայութեամբ մեծցուց։ Անոնք բարձրագոյն համալսարանական ուսում ստանալով՝ յաջողեցան իրենց ասպարէզներուն մէջ, եւ ամուսնանալով կազմեցին իրենց ընտանեկան կեանքը։ Օր մը, Մարին, հոգեկան անհուն հրճուանքով ըսաւ. «Հայաստանը գրաւեցինք, թոռնիկներուս անունները դրինք, Լոռի՝ Արեւելեան Հայաստան, Կարին՝ (Էրզրում) Արեւմտեան Հայաստան, Տարօն՝ Հայաստանի սիրտը, միջնաբերդը (ըստ Կարօ Սասունիի), Ռուբէն՝ Կիլիկիա, Յակոբ, որ ամուսնոյս ճիշդ մահուան օրը ծնաւ, Հերոս Մհեր, որ Հայաստանը պիտի ազատագրէ։ «Աստուած բերնէդ լսէ», ըսի։ Մեծ մօր անխառն երջանկութիւն…։
Երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «2007ը Հայ Լեզուի Տարի» հռչակեց, Մարին, 1947ին Հալէպի մէջ Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրած, համադրած եւ ներկայացուցած խմբական արտասանութիւնը՝ «Փառաբանութիւն Հայ Լեզուին», 60 տարի ետք ամբողջութեամբ յիշեց, մեքենագրեց եւ գրքոյկի ձեւով 1000 օրինակ տպել տուաւ, որպէսզի հայկական վարժարաններուն բաժնուի։ Ան յաճախ Սիամանթոյի այս երկու տողերը կը կրկնէր՝ կարծես իր կեանքին նշանաբանը ըլլար.
«Մեսրո՛պ,
Հայ դարերու դիմաց կեցող
Դու՛ն ադամանդեայ ապառաժ…»:
Ուր հայութիւն, հո՛ն Մարի։ Մարին չէր կրնար հայութենէ հեռու ապրիլ։ Ան նախընտրեց Հայ տարեցներու «Արարատ տան» մէջ բնակիլ։ Հոն գտաւ իրեն նման բարի, ազնիւ եւ մտաւորական ընկերուհիներ։ Միասին սեղան կը նստէին, միասին գիրք կը կարդային, (վերջին գիրքը «Քարերը կ՛աղաղակեն» գիրքն էր), միասին աղօթաժողովներ կը կատարէին։ Մարին երբեմն ալ բանաստեղծութիւններ կ՛արտասանէր, ան օրհնութիւն մըն էր իր շուջիններուն։ Սակայն յանկարծ, մէկ գիշերուան մէջ, Մարիին կեանքին թելը փրթաւ, ուղեղային կաթուած ունեցաւ՝ մեզ հիմնովին ցնցելով։ Բայց, թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ:
Սիրելի՛ եւ անմոռանալի սասունցի ընկերուհիս, Մարի,
Ծուռ էր Սասունցի Դաւիթը, Ծուռ էր Փոքր Մհերը, Ծուռ մըն էր Արաբոն, եւ քու մեկնաբանութեամբ՝ Ծուռ է նաեւ հայ ժողովուրդը, բայց հաւատա՛, այս եզակի հայ ազգին ծոցէն դուրս պիտի գան Նոր Ծուռեր, Նո՛ր սրբազան խենթեր, ի վերջոյ մենք պիտի երթանք մեր երկիր, պիտի բնակինք Սասուն: Ուրեմն հանգչէ՛ խաղաղ, հանգչէ՛ անխռով, իմ քա՛ջ, իմ «ջան ֆիտայի» ընկերուհիս։
Թող Աստուած քու անբիծ հոգիդ միշտ երկնային լոյսերու մէջ պահէ։ Ամէն։