ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի գանձապահ ու տուրքերու հաւաքման պատասխանատու Մարք Ճէյ. Սլատինոյի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ 2008-2009 տարեշրջանին կալուածներու տուրքերու վճարումները չեն կատարուած 237,166 հոգիի կողմէ, որոնց այս ամսուան ընթացիքն նամակներ պիտի յղուին:
Վճարումները ուշացուցած սեփակաատէրերը պիտի ենթարկուին 15 տոլար առաւել ամսական 1.5 տոկոս տուգանքի:
Գրասենեակը կը զգուշացնէ, որ եթէ բնակարանային կալուածի մը տուրքերը շարունակական հինգ տարի չվճարուին, ապա գաւառը իրաւունք ունի զայն աճուրդով ծախելու եւ ստացուած գումարէն կալուածային տուրքերը գանձելու: Ոչ բնակարանային կալուածներուն համար այս պայմանաժամը միայն երեք տարի է, ըստ Քալիֆորնիոյ օրէնքներուն:
Անոնք, որոնք այս կապակցութեամբ հարցումներու կամ օժանդակութեան կարիքը ունին, կրնան դիմել (888) 807-2111 թիւին կամ այցելել
http://lacountypropertytax.com համացանցային կայքը: