ՈՒԼԻԱՆՈՎՍՔ.- Ռուսիոյ Ուլեանովսքի մարզին մէջ, Մայիս 28-31ի միջեւ կազմակերպուած է «Հայաստանի օրերը Ուլեանովսքի Մէջ» թեմայով ձեռնարկը՝ Ռուսիոյ հայերու միութեան Ուլեանովսքի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ:
Բարձր մակարդակով կազմակերպուած այս միջոցառման մասնակցած էին Ուլեանովսքի մարզի ղեկավարութիւնը, յարակից մարզերու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան պատուիրակութիւնը եւ Շիրակի մարզպետ Լիդա Նանեանը:
Միջոցառման շրջանակէն ներս կազմակերպուած է հայկական արտադրատեսակներու ցուցահանդէս, որուն մասնակցած են շուրջ 40 ընկերութիւններ, ինչպէս՝ «Բարի Սամարացի», «Աշտարակ կաթ», «Արցախ ֆրութ», «Գետնատուն» եւ այլ ընկերութիւններ: Իսկ հայկական առողջարանային ծառայութիւններու մատուցման ոլորտէն ներկայացած է «Արզնի» առողջարանը:
Միջոցառման շրջանակէն ներս նաեւ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի ղեկավարութեան եւ հայկական պատուիրակութեան միջեւ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են համատեղ հարցեր եւ կնքուած են համագործակցութեան համաձայնագիրներ:
Հայկական պատուիրակութիւնը իր այցին, հայերէն դասագիրքեր նուիրած է ռուսական նշեալ մարզին մէջ նոր բացուած կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին