ԱԹԷՆՔ.- Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, Ազգային վարչութեան անդամներ Արմէն Տէրեան եւ Պօղոս Չոլաքեան, Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին, պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Երոնիմոս արքեպիսկոպոսին:
Հանդիպման նպատակն էր գաղութի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ յոյն եկեղեցւոյ փոխյարաբերութեան եւ գործակցութեան առաւել եւս զարգացումն ու ամրապնդումը: Միտքեր փոխանակուեցան գաղութի հոգեւոր եւ ազգային աշխատանքներու իրագործումներուն ու դժուարութիւններուն մասին:
Երոնիմոս արքեպիսկոպոս իր կարգին անդրադարձաւ յոյն եկեղեցւոյ գործունէութեան: Ընթացքին քննարկուեցան նաեւ զանազան հարցեր: