ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Սուրբ թագաւոր» երգչախումբի թենոր, պոլսահայ Արի Էտիրնէ վերջերս նշանակուեցաւ Սամսոնի պետական օփերայի գլխաւոր թենորը՝ մէկ տարուան համար։ Արի Էտիրնէ Սամսոնի մէջ գլխաւոր դերով հանդէս եկաւ, նաեւ «Լա պոէմ»ի մէջ մենահամերգ մը տուաւ։ Սամսոնի օփերան մօտիկ ապագային պիտի բեմադրէ «Թրաւիաթա»ն, որուն մէջ գլխաւոր դերով ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Արի Էտիրնէ։