Վաղուց խոստացած էի այս սիւնակով անդրադառնալ Հայաստանի մէջ HIV/AIDS-ի հարցերուն։ Ընթերցողները թող ներողամիտ ըլլան խոստումիս տէր չկանգնելուն համար։ Վերջերս, սակայն, գործիս բերումով, այցելեցի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան ՁԻԱՀի (AIDS) Կանխարգիլման հանրապետական կեդրոն եւ տեսակցութիւն մը ունեցայ կեդրոնի տնօրէն, փրոֆ. Սամուէլ Գրիգորեանի հետ։ Մեր տեսակցութիւնը աւարտեցաւ հարցազրոյցով մը, զոր կ՛ուղարկեմ այս գրութեան հետ եւ վստահ եմ, որ շուտով կը կարդաք թերթի էջերէն։ Ըսեմ, որ ես ալ շատ բան սորվեցայ այս հանդիպումէն եւ հարցազրոյցէն։ Մինչեւ հարզացրոյցի տպագրումը, ձեզի կը փոխանցեմ հետեւեալ տեղեկութիւնները, յուսալով, որ այս ձեւով պիտի կարենամ նաեւ արթնցնել ձե՛ր հետաքրքրութիւնը՝ մեր հայրենիքէն ներս գոյութիւն ունեցող HIV/AIDS-ի հարցերուն նկատմամբ։
Հայաստանի մէջ AIDS-ի թարգմանութիւնը ՁԻԱՀ է, այսինքն՝ Ձեռքբերովի Իմունային Անբաւարարութեան Հիւանդութիւն, իսկ HIV-ի թարգմանութիւնը՝ ՄԻԱՎ, այսինքն՝ Մարդու Իմունային Անբաւարարութեան Վիրուս։ Հայաստանի մէջ ՄԻԱՎով վարակուածներու պաշտօնական արձանագրումները սկսած են 1988ին, ու մինչեւ 2009ի Մայիսի վերջը, պետութեան մօտ գրանցուած է ՄԻԱՎով վարակուած քաղաքացիներու 745 դէպք։ Ըստ Կանխարգիլման կեդրոնի տնօրէնին, «ՄԻԱՎ վարակով հիւանդներու ընդհանուր կազմում գերակշռում են արական սեռի ներկայացուցիչները՝ 548 մարդ (73.6%), իսկ իգական սեռի ներկայացուցիչների մօտ արձանագրուել է վարակի 197 դէպք (26.4%): ՄԻԱՎ վարակի 16 դէպք (2.1%) է արձանագրուել երեխաների մօտ: ՄԻԱՎ-ով վարակուածների շուրջ 59 տոկոսը՝ 25-39 տարիքային խմբում է»:
ՄԻԱՎ վարակի փոխանցման հիմնական պատճառներն են՝ սեռային յարաբերութիւնները (49.8%) եւ թմրամիջոցներու ներարկային օգտագործումը (41.9%): Ասոնցմէ բացի, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են մօրմէն երեխային, արեան եւ միասեռականութեան պատճառով ՄԻԱՎ վարակի փոխանցման դէպքեր: ՄԻԱՎ վարակով հիւանդներէն 337ին մօտ (կին՝ 78, երեխայ՝ 7) ախտորոշուած է ՁԻԱՀ, անոնցմէ 83ը՝ 2008 տարեշրջանի ընթացքին: Համաճարակի յայտնաբերման առաջին օրէն իսկ արձանագրուած է ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ով հիւանդներու մահուան 179 պարագայ: Մահացածներու շարքին են 29 կին եւ 3 երեխայ:
Այս թիւերը պաշտօնական տուեալներ են։ Մասնագէտներ կը պնդեն, սակայն, որ ՁԻԱՀ-ՄԻԱՎով վարակուածներուն թիւը կրնայ աւելի քան երկու հազար ըլլալ։ Ամօթի զգացումը, տգիտութիւնը, աւանդական ըմբռնումները պատճառ կը դառնան, որ ՁԻԱՀ-ՄԻԱՎ ունեցողները թաքուն պահեն իրենց հիւանդութիւնը եւ կամաց-կամաց հիւծուելով՝ մահանան։ Իսկ անոնք, որոնք գրանցուած են պետութեան մօտ, կը ստանան համապատասխան ծառայութիւններ, ինչպէս՝ ձրի դեղօրայք, խորհրդակցութիւն, իրաւունքներու պաշտպանութիւն, եւ այլն։
ՁԻԱՀ-ՄԻԱՎի տարածումը կանխարգիլելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը տարիներ առաջ մշակած է ազգային ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը սկսած է աւելի քան եօթը տարի առաջ։ Այս ծրագիրը կ՛իրագործուի տեղական կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ ու միջազգային կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորումով։
Այս տեղեկութիւններով կը փակեմ այս գրութիւնը եւ կը յուսամ, որ ընթերցողները շահագրգռուած ըլլան նաեւ վերնոշեալ հարցազրոյցով։ Իսկ ՁԻԱՎ-ՄԻԱՎի սփիւռքահայ մասնագէտներուն կը յանձնարարեմ կապ պահել Հայաստանի ՁԻԱՎի կեդրոնին հետ՝ այցելելով www.armaids.am կամ գրելով հետեւեալ հասցէին՝ armaids@armaids.am։
Գրեցէ՛ք ինծի:
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
rafdoud@aol.com