ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայ այնթէպցիներու միութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, մասնակցութեամբ Ամերիկայի հայ գրողներու միութեան ու Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի շրջանաւարտից միութեան, Հինգշաբթի, Յունիս 25ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ ի պատիւ Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններուն: Հանդիսութեան ընթացքին նաեւ հանրութեան պիտի ներկայացուի Արմէն Յարութիւնեանի «Նամակներ Պէյրութէն» գործին Ա. հատորը:
Հատորը պիտի ներկայացնէ Վաչէ Սեմերճեանը, իսկ անկէ ընթերցումներ պիտի կատարէ Գէորգ Քէօշկէրեանը: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ մեկենաս Երուանդ Պապայեանը, իսկ հանդիսավարն է Թագուհի Արզումանեանը:
Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Ձեռնարկը պիտի կայանայ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard Ave.):
Պէյրութահայ ծանօթ գործատէր ու բարերար Արմէն Յարութիւնեան կը պատկանի ժամանակակից հայ բարերաներու այն խումբին, որ տասնամեակներու ընթացքին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարած է կրօնական, բարեսիրական ու կրթական հաստատութիւններու՝ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ: Ան աշխուժ մասնակցութիւն բերած է ազգային կեանքին մէջ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ մօտեցած է նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելու աշխատանքներուն:
Յայտնենք, թէ Վազգէն Ա. կաթողիկոս, Արմէն Յարութիւնեանը պատուած էր «Ս. Գրիգոր Լուսաւորի»չ, իսկ Միմի Յարութիւնեանը՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշաններով:
Ազգային հրատապ հարցեր քննող Արմէն Յարութիւնեանի յօդուածները լոյս տեսած են սփիւռքահայ մամուլին մէջ: