ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 16ին ընդունած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կարգաւորող յանձնաժողովի համազեկուցողներ Ճոն Փրեսքոթն ու Ճորճ Քոլոմպիէն:
Համազեկուցողներուն այցելութեան նպատակն է՝ նախքան ԵԽԽՎ Յունիսեան նստաշրջան, կատարել Հայաստանի կողմէ ԵԽԽՎի 1609, 1620 եւ 1643 բանաձեւերու կատարման ընթացքին գնահատումը:
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Եւրոխորհուրդի հետ Հայաստանի գործակցութիւնը եւ ըսած. »Կարծում եմ, այս ժամանակահատուածը ցոյց տուեց, որ մեր երկիրը պատրաստ է կատարել ստանձնած պարտաւորութիւնները«:
Նոյն օրը, Հայաստանի գլխաւոր դատախազի մամլոյ քարտուղարի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, հիւրերը ընդունած է նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը: Անոնք միասնաբար քննարկած են 2009ի Մայիս 31ին տեղի ունեցած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու ընթացքին արձանագրուած խախտումներուն ուղղութեամբ իրականացող քննութեան, ինչպէս նաեւ 2008ի Մարտ 1-2ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններու կապակցութեամբ յարուցուած քրէական գործին արդիւնքները:
Հանդիպում կայացած է նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանի եւ ԱԺ փոխնախագահ, 2008ի Մարտ 1-2ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրող ժամանակաւոր յանձնաժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին, զրուցակիցները ողջունած են համաներման վերաբերեալ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութիւնը: Անոնք նաեւ հետաքրքրուած են համաներում յայտարարելու ընթացակարգով եւ անդրադարձած՝ ժամկէտներուն եւ ընդգրկման ծաւալներուն: