ԹԻՖԼԻՍ, «Հետք».- Յունիս 15ին Թիֆլիսի քաղաքացիական վարչական դատարանին մէջ կայացած է ֆրանսահայ փաստաբան Փաթրիք Արապեանի դիմումի մերժման վերաքննիչ բողոքի քննարկումը: Պատասխանող կողմը՝ դատախազութիւնը, «Միասնական Ջաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի առաջնորդ Վահագն Չախալեանի շահերը պաշտպանելու առնչութեամբ Փաթրիք Արապեանի դիմումի մերժումը Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ պատճառաբանած է՝ ըսելով, թէ նոր փաստաբանի ներգրաւումը անհարկի պիտի ձգձգէր Չախալեաններուն գործի քննութիւնը:
Փաթրիկ Արապեանի շահերը դատարանին մէջ ներկայացնող Նինօ Անդրիաշվիլին նշած է, թէ Չախալեաններու դատավարութիւնները մշտապէս անհարկի կը ձգձգուէին, եւ ատիկա չէր կրնար մերժման հիմք դառնալ: Փաստաբանը աւելցուցած է, որ եթէ հիմա հաստատեն Փաթրիք Արապեանը՝ իբրեւ Չախալեաններու շահերուն պաշտպան, ան կրնայ մասնակցիլ Վերաքննիչ դատարանին մէջ կայանալիք Վահագն Չախալեանի դատավճիռի բողոքարկման ընթացքին:
Ըստ «Երկիր» միութեան ծրագիրներու համակարգող Ռոպերթ Թաթոյեանի, դատարանը վերցուցած է Առաջին ատեանի դատավճիռը, որպէսզի ուսումնասիրէ եւ յետաձգէ դատական նիստը մինչեւ Յունիս 30: Նոյն օրը դատաւորը նաեւ պիտի հրապարակէ որոշումը:
Յիշեցնենք, որ Վրաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը այս տարուան Փետրուար 16ին, առանց որեւէ պատճառաբանումի, հրաժարած էր գրանցելէ Փարիզի փաստաբանական անձնակազմի անդամ Փ. Արապեանը՝ իբրեւ Չախալեաններու պաշտպան: