ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ կառավարութեան որոշումով, Արցախի շրջանային վարչակազմերու գիւղական բաժիններուն կից, ստեղծուած են ենթաշրջանային գիւղատնտեսներու հաստիքներ:
ԼՂՀ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վլադիմիր Զաքեանի հաստատումով, հաշուի առնուած է այն հանգամանքը, թէ Արցախի մէջ հող օգտագործողներուն մասնագիտական պակասի պատճառով, հողի մշակումը կանոններու համապատասխան չի կատարուիր եւ իբրեւ արդիւնք, ամէն տարի բերքատուութեան ոչ ցանկալի մակարդակ կ՛ապահովուի:
Մասնագէտներուն հարցը, ըստ Վ. Զաքեանի, պիտի լուծուի պետական վճարումներուն միջոցով, որուն իբրեւ արդիւնք, անոնք պատասխանատու պիտի ըլլան սեփականատէրերու հողակտորներու մշակութեան համար:
Վ. Զաքեանի խօսքով, ԼՂՀ տարածքը բաժնուած է գիւղատնտեսական համայնքախումբերու՝ շրջանային վարչակազմերուն մէջ ստեղծելով գիւղատնտեսներու 30 հաստիքներ, որոնց հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ խորհրդատուական ծառայութիւններուն մատուցումը: Մասնագէտներու համալրումէն ետք, հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի աշխատանքները իրականացնելու ամէնօրեայ վերահսկողութեամբ