«Շամլեան» Ազգային վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները Ապրիլ ամսուան առաջին երկու շաբաթները անցուցին մայր հայրենիքի մէջ։ Անոնք վերադարձան անմոռանալի յիշատակներով ու տպաւորութիւններով, եւ անոնցմէ ոմանք «Շողեր»ի էջին ղրկեցին հետեւեալ գրութիւնները։
Ծիծեռնակաբերդը
Առտուան լոյսին արթնցայ, զգացի, որ օրը տխուր պիտի ըլլար։ Ընկերներու եւ ծնողներու հետ փոխադրակառքով մեկնեցանք Ծիծեռնակաբերդ։
Իւրաքանչիւրս մեր ձեռքերուն ծաղիկ բռնած, աստիճաններէն վար իջնելով՝ կրակին շուրջ բոլորուեցանք։ Տասնհինգ վայրկեան յաւերժական կրակին շուրջ լուռ ու լուրջ կեցանք։ Արցունքները մեղմ երաժշտութեան հետ մեր այտերէն վար հոսեցան…
Ցեղասպանութեան թանգարան մտանք. նկարները շատ յուզիչ էին։ Դուրս եկանք՝ բոլորիս դէմքերը տխուր, որովհետեւ յիշեցինք մեր հայ նահատակները։
Արիանա Նազարեան
———————————————-
Սիրած Վայրս Խոր Վիրապն Էր
Առաջին դասարանէն ի վեր կը սպասէի այս վայրկեանը։ Վերջապէս 8րդ կարգ հասայ ու Հայաստան այցելեցի ընկերներուս հետ. Սարտարապատ, Հռիփսիմէի վանք, Ծիծեռնակաբերդ եւ ուրիշ շատ գեղեցիկ ու պատմական վայրեր. բայց այդ տեղը, որ զիս ամենաշատ տպաւորեց, Խոր Վիրապն էր, ուր հասանք Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2009ին։ Հոն աղաւնի մը տուին ինծի, որ թռցնեմ։ Երբ Գրիգոր Լուսաւորիչին վիրապը հասայ, կէս ժամ կարգի սպասելէ ետք, կրցայ վար իջնել։ Վարը շատ յուզուեցայ, երբ յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս մարդ կրնայ 13 տարի այնտեղ ապրիլ։ Աղօթեցի ու վեր ելայ, բարձրացայ քովի բլուրը եւ Արարատին գեղեցկութիւնը դիտեցի: Ես զիս մոռցայ եւ միայն Արարատին նայեցայ։ Տեսայ Արաքս գետը, որուն մէջ հայերուն հոգին կը լողայ եւ անմահ կը մնայ։ Յետոյ դարձեալ մտայ Վիրապ, այս անգամ մօրս հետ։ Իրարու հետ աղօթեցինք ու զգացինք Լուսաւորիչին Մեծ սուրբ մը ըլլալը։ Այն տեղէն մայրս ինծի համար, իբրեւ յիշատակ, գնեց խաչ եւ շղթայ մը, զորս կը կրեմ իմ կուրծքիս վրայ։
Հայրենիքին մէջ ո՛ւր այցելեցինք շատ գեղեցիկ էր, բայց ամէնէն սիրած վայրս Խոր Վիրապն էր։ Չեմ մոռնար Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2009 թուականը։
Ժոզէֆ Պապիկեան
————————————————
Գեղարդ
Հայաստան այցելութեան ժամանակ ամենասիրած վայրս եղաւ Գեղարդի վանքը։ Երեք ժամուան ճամբայ էր։ Ճամբուն ընթացքին տեսանք գեղեցիկ, դալար դաշտեր։
Երբ Գեղարդ հասանք, հիացայ իր բնութեան վրայ։ Մուտքին հայ ալեւոր գիւղացիները պատրաստած էին ճոխ սեղաններ, որոնց վրայ կային ծախու խաչեր, զարդեղէններ, բայց ամենալաւը կաթայի սեղանն էր։ Կաթային մէջ ընկոյզ կար ու վրայի խաւը շատ անուշ ու համեղ էր։ Հայ գիւղացիները կարծեցին, թէ ես մեծ երիտասարդ եմ ու ծխախոտ հրամցուցին։
Եկեղեցի մտանք, շատ մութ էր. միեւնոյն ատեն՝ շատ գեղեցիկ։ Քարերուն վրայ կային փորագրուած խաչեր ու գրութիւններ։
Գեղարդէն երբ դուրս ելլես, հին աստիճաններ կան. մագլցեցանք վեր ու նկարուեցանք ընկերներու հետ։ Կամուրջը անցանք. ես բախտի ծառին վրայ թաշկինակ մը կախեցի ու հիմա պիտի սպասեմ, որ բախտս բացուի:
Արամ Օհանեան
————————————————-
Սիրտս Հայաստան Մնաց
Վերջապէս տարիներու երազս իրականացաւ։ Ութերորդ դասարանի ընկերներուս հետ Հայաստան այցելեցի։ Ճամբայ ելանք Ապրիլ 2ին ու վերադարձանք Ապրիլ 11ին։
Երբ Հայաստան հասանք, շատ բաներ զիս տպաւորեցին, բայց Արարատ լերան տեսարանը՝ ամէնէն աւելի։
Այստեղ, Քալիֆորնիոյ մէջ, երբ արթննաս, արեւը քեզի բարեւ կ՛ըսէ, բայց երբ Հայաստանի մէջ արթննաս, Արարատը հոն է ու քեզ կը դիտէ։ Կ՛ուրախանաս, բայց կը մոռնաս, որ քիչ մը հեռու, Թուրքիոյ մէջ նստած է ու կը սպասէ, որ օր մը միանայ իր հայրենիքին։
Ամերիկա վերադարձայ, Բայց սիրտս Հայաստան մնաց։
Յովիկ Գազանճեան
———————————————————–
Հայաստանէն Բաժնուիլը Դժուար Էր
Շաբաթ օր հասանք Հայաստան։
Աշակերտները յոգնած էին, բայց երբ մեր Արարատ լեռը տեսանք, մեր յոգնութիւնը մոռցանք։ Մեր մէջ հայու հոգին վառեցաւ։ Ի՜նչ գեղեցիկ էր. ամէն մարդ յափշտակուած էր։
Տասը օր Հայաստան մնացինք ու շատ վայրեր գացինք։ Տեսանք Գառնին, Էջմիածինը, Խոր Վերապը, Սեւանայ լիճը եւ Սարդարապատը։ Այս բոլորը տեսնելով ուրախացանք, որ մեր ազգը այսքան գեղեցիկ հայրենիք ունի։
Երբ պիտի վերադառնայինք, բոլորիս համար դժուար էր Հայաստանէն բաժնուիլը։
Շանթ Ոսկերիչեան
———————————————————-
Խոր Վիրապ
Մեր Հայաստան այցելութեան 5րդ օրը ընկերներս ու ես Խոր Վիրապ այցելեցինք։ Երբ եկեղեցի մտանք, այնքան խճողուած էր, որ փոսը չէի կրնար տեսնել։ Ընկերներէս ոմանք վախցան վար իջնելու, որովհետեւ շատ խորունկ եւ մութ էր։ Բայց իրենց վախը զիս չկասեցուց վար իջնելէ։
Վար իջնելը շատ դիւրին էր, բայց չեմ գիտեր ինչպէս ձեռքս պատռեցի։ Վարը կլոր բանտի պէս էր եւ կարելի չէր երեւակայել, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ինպէ՛ս 13 տարի հոն կրցած էր ապրիլ։ Վեր ելլելը քիչ մը աւելի դժուար էր։
Վիրապ իջնելը կեանքիս մէջ բնաւ պիտի չմոռնամ։
Պերճ Օտապաշեան
———————————————————-
Հսկայ Ու Հզօր Լեռը
Ամբողջ կեանքիս ընթացքին, կ՛ուզէի այցելել մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, բայց երբեք չէի կրցած։ Վերջապէս, դպրոցին շնորհիւ, մօրս, հօրս, եղբօրս ու քրոջս հետ կրցայ երթալ։ Երբ հոն հասանք, բոլորս մնացինք հիացած։
Նկարներուն մէջ ամէն ինչ շատ գեղեցիկ կ՛երեւէր, բայց աչքով տեսնելը տարբեր էր։ Միշտ կ՛ուզէի տեսնել Ծիծեռնակաբերդը, Խոր Վիրապն ու Գեղարդը։ Զանոնք աչքով տեսնելը զարմանալի էր։ Բայց բոլորս ապշած մնացինք, երբ տեսանք հսկայ ու հզօր Արարատ լեռը՝ կանգնած մեր առջեւ։ Այդ վայրկեանին շատ հպարտ զգացի հայ ըլլալուս համար։ Ի՛նչ գեղեցիկ կ՛երեւէր այդ սուրբ լեռը՝ ձիւնով ծածկուած։ Նոյն ատեն, շատ ցաւալի էր տեսնել այդպիսի գեղեցիկ լեռ ու գիտնալ, որ ներկայիս մերը չէ։
Փաթիլ Յովսէփեան
————————————————————
Մեր Աննման Հայաստանը
Առաջին անգամն էր, որ կ՛այցելեմ Հայաստան։ Վստահ էի, որ ուրախ տուն պիտի դառնամ։
Առաջին օրը յոգնած ենք ու դանդաղ։ Անդադար կը դիտեմ իմ քաղաք Երեւանը։ Նոր տեղ, նոր մարդիկ, նոր միջավայր. փոփոխութիւնը զիս կը ցնցէ։ Կը հասկնամ, որ հայերէն խօսիլը շատ կարեւոր է։
Կ՛այցելենք Խոր Վիրապ, Սարդարապատ, Ծիծեռնակաբերդ. մեր պատմութեան նշանաւոր վայրերը։ Հրճուանքով կը լեցուինք։ Իսկապէս աննման է մեր հայրենիքը։
Շատ կը սիրեմ Հայաստանը ու կ՛ուզեմ հոս մնալ:
Միա Վեզիրքաճոյեան
—————————————————————
Խոր Վիրապի Քոյր Դպրոցը
Պաղ ու Պայծառ օր մըն էր,
Ինքնաշարժէն իջանք։
Դպրոց մըն էր։
Բոլորը պատրաստ՝ մեզ
դիմաւորեցին։
Երբ հոն հասանք, կը ծափէին։
Մուտքին՝ գինի ու ճաշեր,
Ներսը խաղեր ու դասարաններ։
Պզտիկները շատ աշխոյժ
ու խելացի,
Արտասանեցին ու պարեցին.
Համով ճաշեր հրամցուցին
Եւ դպրոցին մասին պատմեցին։
Յետոյ մեզ դուրս՝ դաշտ տարին
Ու սիրով շրջապատեցին,
Կ՛ուզէին, որ երգէինք, պարէինք,
Բայց մենք ամչկոտ՝
միշտ կը մերժէինք։
Դժուար էր «Ցտեսութիւն» ըսելը.
Վերջացաւ մեր ուրախութիւնը.
Բայց կը սպասենք յաջորդ
հանդիպումին,
Որ միանանք մեր ընկերներուն՝
Խոր Վերապի քոյր դպրոցին։
Կարին Մահսէրէճեան
——————————————————————
Աննման Գեղարդ
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ բան մը այսքան…
Այսքան հին ու սիրուն,
Քարայրներուն մէջը փորուած՝
Կարծես Աստուծմէ ղրկուած։
Արարատն ու Մասիսը կը դիտեն
Անոր վեհութիւնն ու սրբութիւնը։
Հովերը կը փչեն, գետը կը հոսի
Լեռներուն մէջէն բերելով մեր աղբիւրը հաւատքի։
Արդեօք ո՞վ է այն հանճարը,
Այդ սուրբ հոգիին ձեռքը,
Որ ստեղծած է այս հրաշքը,
Կանգնեցուցած է այս սուրբ
վանքը։
Թերեւս Աստուած իր ոսկի ձեռքով,
Թուղթ, մատիտ առած՝
գծեր է յոյսով։
Վստահաբար անոր վայելուչ
գեղեցկութեան համար,
Անուաներ են զայն աննման
Գեղարդ։
Սարին Հապէշեան
——————————————————————–
Ծիծեռնակաբերդի Կրակին Շուրջ
Մաքուր ու ջինջ օր մը,
Այցելեցինք տխուր
Ծիծեռնակաբերդը։
Յուշարձանին առջեւ լուռ
շարուեցանք
Ու լուրջ դէմքով պահ մը
անշարժացանք։
Անմար կրակը լուռ կը ծածանի
Հովին մէջ դրօշակի կը նմանի։
Վարդագոյն, կարմիր ու ճերմակ ծաղիկներով,
Կը շրջապատենք մեր
անմոռանալի յուշերով։
Ամէնքս միասին, ծաղիկներ
կը զետեղենք
Ու մէկ ձայնով կ՛աղօթենք։
Մեր ճնշուած սիրտերն ու
արցունքով լեցուն աչքերը
կը յիշեն անմեղները՝ մէկ ու կէս միլիոն հայերը։
Նանօր Գասապեան