ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Խումբ մը անուանի նկարիչներ՝ Յակոբ Յակոբեան, Վարուժան Վարդանեան, Հրանդ Թադէոսեան, Հրանդ Մամեան, Նիկոլ Աղաբաբեան, Մայիս Մխիթարեան եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ խումբ մը մտաւորականներ՝ Սօս Սարգսեան, Տիգրան Մանսուրեան եւ ուրիշներ, Յունիս 19ին պիտի այցելեն Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի հայրենի գիւղը՝ Դսեղը։ Յովհաննէս Թումանեանի 140ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, նշեալ անուանի նկարիչներու խումբին նախաձեռնութեամբ պիտի կազմակերպուի «50 տարի անց» խորագիրով ձեռնարկը։
1959 թուականին, Յովհաննէս Թումանեանի 90ամեակին առթիւ, Մարտիրոս Սարեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր խումբ մը հայ անուանի նկարիչներու այցելութիւնը մեծ բանաստեղծի հայրենի բնակավայր Լոռի, ուր նկարիչները պատկերած էին Թումանեանի հայրենի գիւղի բնաշխարհը։
50 տարի անց, այսօրուան նկարիչները անգամ մը եւս պիտի պատկերեն Լոռիի բնաշխարհը, իսկ որոշ ժամանակ ետք, Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի այդ նկարներուն ցուցահանդէսը։ Այս մասին տեղեկացուցած է նոյնինքն նախաձեռնող խումբը