ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նիւ Եորքի մէջ Յուլիս 1-4 պիտի կայանայ հայ բժիշկներու համաշխարհային 10րդ համաժողովը, որ կազմակերպուած է Հայ-ամերիկեան բժիշկներու կազմակերպութեան կողմէ: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի նախարարութեան պատուիրակութիւնը:
Համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան աշխարհի տարբեր երկիրներու առողջապահութեան համակարգի առաջատար մասանգէտներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու վերջին շրջանին բժշկութեան մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ նորութիւններուն: Համաժողովը պիտի նպաստէ մասնակիցներուն միջեւ նոր կապերու եւ համագործակցութեան հաստատման: Այնտեղ պիտի ներկայացուին ոչ միայն առողջապահական համակարգի ձեռքբերումները, այլեւ՝ խնդիրներն ու առաջնահերթութիւնները: