ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոն» հիմնադրամը կը նախատեսէ Օգոստոսին Ծաղկաձորի մէջ իրականացնել Համահայկական երիտասարդական 7րդ համաժողովը՝ «Համագործակցութիւն» թեմայով: Ըստ կեդրոնի մամլոյ հարցերով պատասխանատու Պելա Յովհաննիսեանի, Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ Սփիւռքի գաղթօճախներէն կ՛ակնկալուի շուրջ 100 երիտասարդներու մասնակցութիւնը: Համաժողովին պիտի ներկայացուին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Սփիւռքի երիտասարդութեան խնդիրները, պետութեան կողմէ երիտասարդութեան ուղղուած քաղաքականութիւնը, նաեւ փորձ պիտի կատարուի գտնելու ներկայացուած խնդիրներուն հնարաւոր լուծումները:
Կեդրոնը կը նախատեսէ այս տարի կազմակերպել նաեւ «Մշակոյթների երկխօսութիւն» միջազգային փառատօնը, որուն մասնակից տարբեր ազգերու երիտասարդները հնարաւորութիւն կ՛ունենան աւելի լաւ ճանչնալու տարբեր մշակոյթներ: Ըստ Պ. Յովհաննիսեանի, փառատօնը իւրօրինակ երկխօսութիւն է, որուն նպատակը խաղաղ եւ ընկերական յարաբերութիւններու ձեւաւորումն է:
«Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոն»ը նաեւ այս տարուան ընթացքին պիտի կազմակերպէ ուսուցողական բազմաթիւ համաժողովներ, դասընթացքներ, մասնաւորապէս՝ «Եւրոպական երիտասարդական քաղաքականութիւն, ծրագրեր եւ կառոյցներ», «Միջազգային երիտասարդական աշխատանք եւ համագործակցութիւն» թեմաներով: