ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն «Ազդակ» օրաթերթի Հինգշաբթի օրուան թիւին մէջ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ (Չորեքշաբթի, 17 Յունիսին) գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շարունակեց քննարկել Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներն ու յետընտրական ընդհանուր մթնոլորտը։ Ժողովը կեդրոնացաւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած երեսփոխան Միշել Մըրի մամլոյ ասուլիսին վրայ, որուն ընթացքին ան կատարած էր յայտարարութիւններ Հիւսիսային Մեթնի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասին։ Նիստին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կատարեց հետեւեալ յստակացումները.
ա.- Հիւսիսային Մեթնի մէջ 2007ին տեղի ունեցած երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին լիբանանահայ քուէարկողներուն թիւը 10,300 էր, որոնցմէ 20 առ հարիւրը քուէարկած էին ի նպաստ թեկնածու՝ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի։ Հետեւաբար, այս ընտրաշրջանին մէջ լիբանանահայ քուէարկողներուն համեմատութիւնը 28 առ հարիւր չէր, ինչպէս կ՚ըսէ Միշել Մըր, այլ՝ 32 առ հարիւր։
բ.- Երեսփոխան Միշել Մըրի վերլուծումներէն կամ նկատողութիւններէն վրիպած է այն իրականութիւնը, թէ մեթնցի քուէարկողներուն համեմատութիւնը 17 առ հարիւրով բարձրացած է 2009-ին, որովհետեւ 2007-ի մասնակի ընտրութիւններուն քուէարկած է 83,000 քաղաքացի, իսկ այս տարի՝ շուրջ 97,000։ Հետեւաբար, Հիւսիսային Մեթնի մէջ լիբանանահայ քուէարկողներու համեմատութեան արձանագրած յաւելումը որեւէ ձեւով պէտք չէ Միշել Մըրի մօտ կասկած առթէ՝ նկատի ունենալով այս ընտրաշրջանին եւ բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ բոլոր համայնքներուն պարագային արձանագրուած քուէարկողներու համեմատութեան յաւելումը։
գ.- Զարմանալի է այն իրականութիւնը, թէ երեսփոխան Միշել Մըր, որ Հիւսիսային Մեթնի մէջ լիբանանահայ քուէարկողներուն մնայուն պաշտպանն էր՝ փոխելով իր դիրքը անցած է անոնց դէմ յարձակողականի, հակառակ ՀՅԴ-ի հետ 60 տարուան մտերիմ յարաբերութիւններէ, ընտրութիւններէն առաջ անոր հետ կատարուած գործակցութենէն եւ ընտրութիւններէն երեք օր առաջ անոր հետ գոյացած համաձայնութենէն, որուն հիման վրայ Մըր առաջարկեց, որ լիբանանահայութեան քուէները հաւասարապէս բաժնենք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընտրացանկին առաջադրած երկու յոյն ուղղափառ թեկնածուներուն միջեւ եւ մենք, առաջարկը ընդունելով, յանձնառու դարձանք համապատասխան ձեւով քուէարկելու։
դ.- Զարմանալի է նաեւ այն, որ Մըր կը ջանայ փաստել, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան համակիրները ի նպաստ իրեն չեն քուէարկած, մինչդեռ այն քուէատուփերը, որոնք լիբանանահայ համայնքի քուէները կը պարփակեն, ցոյց կու տան, թէ ան 5000 քուէ ստացած է։ Այստեղ նկատի պէտք է ունենալ այն իրողութիւնը, որ իր ցանկակիցները ստացած են 2800 քուէ. այստեղ յստակօրէն կը պարզուի, թէ ի նպաստ իր անձին տրուած մնացեալ 2200 քուէները յստակօրէն ՀՅԴի համակիրներուն քուէներն են։
ե.- Միշել Մըր մնայուն կերպով շեշտադրեց, թէ հայերուն քուէարկութեան կեդրոններուն մէջ զեղծարարութիւն կատարուած է եւ թէ կեղծուած անձնաթուղթեր օգտագործուած են. եւ բարեբախտաբար ան ըսաւ նաեւ, որ ինք այդ կեղծուած անձնաթուղթերէն մաս մը յանձնած է ներքին գործոց նախարարին եւ ընդհանուր դատախազութեան։
Մենք անհամբեր կը սպասենք այդ մասին ընդհանուր դատախազութեան որոշումին, որպէսզի հաստատենք, թէ մենք բոլորովին հեռու ենք այն ամբաստանութիւններէն, որոնք կը կատարուին այն անձնաւորութիւններուն կամ ուժերուն կողմէ, որոնք լիբանանահայութեան քուէները չեն ստանար, եւ իւրաքանչիւր ընտրութենէ ետք այդ «յանցանք»ը կը վերագրեն մեզի։
զ.- Հակառակ իր հասցէին կատարուած բոլոր ամբաստանութիւններուն եւ ընտրական գործընթացին արձանագրուած բացթողումներուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, որ այս ընտրութիւնները յաւելեալ քայլ մը կը նկատուին ամրապնդելու համար Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը։ Մեկնելով իր ինքնուրոյն որոշումին կառչած մնալու սկզբունքէն՝ ան խստիւ կը դատապարտէ կատարուած բոլոր այն փորձերը, որոնց հիման վրայ կարգ մը կողմեր լիբանանահայերը կը նկատեն երկրորդ կարգի քաղաքացիներ։ Կը վերահաստատենք, որ լիբանանահայութեան իրաւունքն է կատարել իր ազգային պարտաւորութիւնները՝ մեկնելով իր համոզումներէն՝ բոլոր այլ քաղաքացիներուն նման։