ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Լիբանանեան լրատուադաշտը արտակարգ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ՝ լիբանանահայ համայնքին ընտրաքաղաքական դերակատարութիւնը վերլուծելու առումով։ Հասկնալի է, որ ընտրական
իւրաքանչիւր հանգրուանէ ետք տուժած կողմը քննադատական մօտեցումները ծայրայեղացուած ձեւով կը ներկայացնէ՝ ընտրական պարտութիւնը հիմնաւորելու, արդարացնելու եւ երեւոյթ փրկելու համար։
Չափի մէջ արձանագրուող այս իրադրութիւնները ժամանակաւոր բնոյթով ըմբռնելի կարելի է նկատել։ Հարցը այս պարագային ուրիշ տարողութիւն ստացած է։ Լիբանանեան հեռատեսիլէն քաղաքական իմաստակութեան ներկայացուցիչներ թէ մամուլի տարբեր աշխատակիցներ՝ սկսելով «Նահար»էն, անցնելով «Սաֆիր»էն, «Լորիան Լը Ժուր»էն հասնելու համար մինչեւ «Տիար» եւ մամուլի ամէնէն աննկատառելի տարբերակ՝ «Շիրահ»ին, սեւացրէքեան տեղեկատուարշաւ մը սանձազերծած են Դաշնակցութեան ճամբով լիբանանահայութեան դէմ։ Այո՛, լիբանանահայութեան, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ է անոր ընտրազանգուածին 80 առ հարիւրը, իր ընտրաքաղաքական դիրքորոշումներուն եւ ներգործօն դերակատարութեան համար։
Լրատուական այս անհանգստութիւնը բնականաբար զուտ հրապարակագրական սահմաններու մէջ չի դիտարկուիր։ Երբ անիկա համակողմանի բնոյթ կը ստանայ եւ աննախադէպ համարձակութեամբ լիբանանցի գրիչներ մրցավազքի մէջ կը մտնեն հայութեան հասցէին վերագրումներ, ամբաստանութիւններ կատարելու, անպայման գէթ իբրեւ տեսութիւն հետեւողը կը մղուի քաղաքական պատուիրատուներ փնտռելու։ Բոլոր նախադրեալներն ու տուեալները կը համոզեն, որ քաղաքական կեդրոններ ազդանշան տուած են սանձազերծելու համար տեղեկատուարշաւը։
Առաջին անգամը չէ, որ Դաշնակցութեան ընտրամեքենան արհեստավարժութեան եւ կազմակերպուածութեան որակ կը ցուցադրէ։ Առաջին անգամը չէ՛, որ լիբանանահայ ընտրազանգուածը համախումբ եւ կարգապահ կ՚ընդառաջէ Դաշնակցութեան կոչին։ Առաջին անգամը չէ, որ հայութեան միահամուռ զանգուածային կարգապահ քուէարկութիւնը որոշիչ դերակատարութիւն կ՚ունենայ ընտրական արդիւնքներուն վրայ։ Ինչո՞ւ է այս անհանգստութիւնը ուրեմն։
Հարցը, միանգամայն կարելի է հաստատել, որ զուտ ընտրական հայեցակէտներ չունի։ Յայտնաբար հայութեան ներգործօնութեան իրողութիւնն է, անշրջանցելիութեան իրականութիւնը, որ կը մտահոգէ եւ կ՚անհանգստացնէ առնչուած կողմերը։ Այնքան ատեն որ լիբանանահայ համայնքը չէ վերածուած ներգործօն ուժի, ո՛չ լիբանանցի քաղաքական գործիչը եւ ո՛չ ալ լիբանանեան մամուլի այս կամ այն ներկայացուցիչը կ՚անհանգստանայ օրինակելի, շինարար եւ գործարար հայ քաղաքացիէն։ Բայց, երբ պահը կու գայ Լիբանանի քաղաքական քարտէսներու վերագծման գործընթացին վրայ ազդելու, լիբանանահայ համայնքը օրինակելի քաղաքացիէն կը դառնայ երկրորդ կարգի քաղաքացիի, լիբանանեան հայրենիքը ծաղկեցնող հաւաքականութենէն կը վերածուի գաղութի հոգեբանութեամբ ապրող ոչ քաղաքացի հաւաքականութեան, լիբանանեան բոլոր կողմերուն միջեւ կամուրջի դեր կատարող կառուցողական համայնքէն կը դառնայ կեթոյական հոգեբանութեան պարիսպներու ետին ապրող բնակչութեան, ու տակաւին՝ պատմութեան մէջ միշտ սխալ ընտրանքներ կատարած Դաշնակցութեան հետեւելով սուղ գին վճարած ժողովուրդի։
Այս ցեխարձակումներուն հեղինակները պահ մը կը մոռնան, որ յետընտրական սովորական թուացող քննադատութիւններու սահմաններէն շատ հեռու կ՚երթան եւ կը խոցեն ամբողջ ժողովուրդի մը, կազմակերպ հաւաքականութեան մը արժանապատուութիւնը։ Արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով ընտրական քանիերորդ հանգրուանին Դաշնակցութիւնն ու Պուրճ Համուտի հայութիւնը կ՚ամբաստանուին քուէարկութեան զեղծարարութեամբ։ Ամբաստանողները իրե՛նք ամէնէն առաջ իրազեկ են, որ յերիւրանքներու մասին է խօսքը։ Ո՞ր ամբաստանութիւնը իր օրինական եզրայանգումը ունեցած է, որ այս անգամ յուսալի դառնայ դատախազութեան կողմէ ամբաստանութեան համապատասխան շօշափելի փաստերու ընդունումը։ Ցեխարձակող կողմը իրազեկ է այս իրականութեան։ Հետապնդուածը սեւացրէքութիւնն է. քարոզչական ալիքի բարձրացումը՝ թէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին միակ ընտրաշրջանը, ուր զեղծարարութիւն արձանագրուած է, հայութեան քուէատուփերն են։ Միակ տեղը, ուր բողոքարկում կատարուած է, հայութեան «ուռճացուած» թիւերու բերումով յաղթական դուրս եկած ցանկին դէմ է։ Քաղաքական նման կարծրատիպեր ձեւաւորելու արշաւը դատապարտուած է ի սպառ չէզոքացուելու։ Մինչ այդ սակայն հանրային կարծիքի ապակողմնորոշման քայլերու հակակշռումը աւելի քան անհրաժեշտ է։
Կը թուի, որ տեղեկատուարշաւի գործողութիւններու շարքի մը ականատես պիտի ըլլանք։ Լիբանանեան մամուլի կարեւոր ներկայացուցիչներ այս կամ այն ձեւով ներգրաւուած են այս արշաւին։ Քաղաքական պատուիրատուները պէտք է իմանան, որ լիբանանահայութիւնն ու անոր իրողական ներկայացուցիչներու կազմակերպութիւնը որոշած են չներքաշուիլ յերիւրանքային այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ։ Թիւերով, տուեալներով առարկայական լուսաբանումներ տալը Դաշնակցութեան տեղեկատուական վարքագիծն է, որմէ շեղելու պատճառ չունի Դաշնակցութիւնը։
Այս պատուիրատուները հայկական թղթածրարներու առումով յայտնապէս չեն ապահոված անհրաժեշտ պատրաստուածութիւնը։ Այլապէս, խորապէս համոզուած պիտի ըլլային, որ իւրաքանչիւր յարձակում Դաշնակցութեան եւ հայութեան դէմ պարզապէս աւելիով պիտի շեշտէ ժողովուրդ-կուսակցութիւն կապին անքակտելիութիւնը եւ յաւելեալ ուժ տայ հայութեան քաղաքական դիմադրողականութեան։
Աստուածիմ այս ի՞նչ հայերէն է…
ինչո՞ւ չեն կարդար քիչ մը Իշխան Ոսկունի Օշական… եւ այլք մեր ոսկեղնիկէն