Յունիս 7ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Փասատինայի ՀԲԸՄ երկրորդական վարժարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Բարի գալուստի խօսքը կատարեց փոխտնօրէնուհի եւ օրուան հանդիսավար դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը: Երգուեցան Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ քայլերգները: Անգլերէնով հրաժեշտի ուղերձը փոխանցեց Փաթիլ Գոճեան, իսկ հայերէնով՝ Լորի Արսլանեան: Օրուան պատշաճ պատգամը տուաւ դոկտ. Սիլվա Գարայեանը:
Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին Սինան Սինանեան՝ ատենապետ Խնամակալութեան մարմինի, տնօրէն Յակոբ Յակոբեան, փոխտնօրէնուհի Քարկոտորեան եւ ՀԲԸՄ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային վարչութեան ատենապետ Պերճ Շահպազեան:
Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան կարդաց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքը ու կատարեց փակման խօսքը, ապա անոր օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ յայտագիրը, որուն յաջորդեց Ծնողա-ուսուցչական մարմնի կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը՝ »Պոյաճեան« սրահին մէջ: