Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վերի խորագիրին առաջին բաժինը՝ «Քաղաքներու Կախարդանքը», կրնայ պահ մը ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ մեր ձեռքին ունինք հեքիաթներու գիրք մը։ Այդպէս չէ, հակառակ անոր, որ զայն կարելի է կարդալ հեքիաթի պէս, այսինքն, բովանդակութիւնը «համով» է։
Մօտաւորպէս 400 էջերու վրայ տարածուող հատորը, առաջինն է երեք հատորներու շարքի մը, որ կ՛ընդգրկէ Մարզպետ Մարկոսեանի գրիչին արգասիքը, իրողապէս՝ անոր մէկերրորդը, որովհետեւ, ինչպէս խորագիրը կ՛ըսէ ու հեղինակն ալ իր նախաբանին մէջ կը խոստանայ՝ սա առաջինն է եռահատոր շարքի մը։
Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարանէն 2008ին լոյս տեսած հատորը ունի իր առանձին խորագիրը՝ «Պոսթընեան Պատկերներ»։ Ընթերցողը սակայն շուտով իրազեկ կ՛ըլլայ, որ բովանդակութիւնը միայն պոսթընեան չէ, այլ գիրքը կը տարածուի Պէյրութէն մինչեւ Պոսթըն, ու քիչ մըն ալ Նիւ Եորք, քաղաքներ, ուր ապրած է հեղինակը՝ սկսելով մանկութենէն, մինչեւ գիտական ու գրական մամուլի աշխարհներու մէջ իր ճամբորդութիւնները։ Լոս անճելըսեան բաժինները հաւանաբար պիտի գան յաջորդ հատորներուն մէջ։
Յօդուածներու, վերլուծումներու, նշմարներու եւ պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն է այս հատորը, որ կը տարածուի աւելի քան 50 տարիներու վրայ։ Գրիչի ու գիրի հետ Մարզպետ Մարկոսեանի բարեկամութիւնն ու լծակցութիւնը սկսած է ուշ 50ական տարիներուն, ուսանողութեան օրերէն, աշակերտական թերթի ճամբով, ապա, անոր ստորագրութիւնը երեւցած է «Յառաջ»ին, «Նայիրի»ին, «Սփիւռք»ին ու «Զարթօնք»ին, «Նոր Կեանք»ին ու այլ թերթերու մէջ։ Տարիներու ընթացքին թուղթին յանձնուած գրութիւնները ահաւասիկ հատորով կը ներկայանան ընթերցողին։ Եւ ինչպէս հեղինակը կը հաստատէ, այս նախաձեռնութեան մղումը կու գայ քրոջմէն՝ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանէն։
Հատորը ունի ինը ենթաբաժանումներ։
Առաջին բաժինը կը ներկայանայ 6 պատմուածքներով ու գրութիւններով։ Հեղինակին պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան օրերն են Պէյրութի ու յատկապէս Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ։ Կը պատկերուին թաղն ու անմիջական շրջապատը՝ գոյն ունեցող տիպարներով ու ֆոլքլորիք մթնոլորտով։ Հետեւող բաժինը՝ հեղինակին համալսարանական օրերէն քաղուած պատումներ են մեծ մասամբ, որոնք հիւսուած են խորհրդածութիւններով ու դիպուկ դիտարկումներով։ Կանուխ 60ականներուն, հայութեան օրուան հարցերով ու տագնապներով կլանուած հայ ուսանողի մը ոսպնեակն է, որ կը շրջի ուսանողներու խմբակներուն միջեւ, կ՛արձանագրէ եւ կ՛արձագանգէ հարցերու, որոնց մերօրեայ տարբերակները ցոյց կու տան, որ իրողութիւններէն շատ բան չեն փոխուած, հոգ չէ թէ վայրերն ու միջավայրերը կրնան փոխուիլ:
Հատորին երրորդ բաժինով, հեղինակին ոսպնեակը, նաեւ՝ ազգային կեանքի բազկերակը շօշափող գործիքները կը տեղափոխուին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան գօտին, ուր հասած էր ան, բարձրագոյն ուսման՝ գիտութեանց աշխարհին մէջ հետազօտութիւն կատարելու տենդով, առանց սակայն բաց թողելու հայութիւնը յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու օձիքը։ Առաջին փորձառութիւնները դաստիարակող են բառին լայն առումով. հեղինակը դէմ յանդիման կու գայ ամերիկեան դաժան իրականութիւններու, որոնք ցոյց կու տան, թէ Ամերիկան «կապոյտ լեռներու երկիր» չէ, հոն կան համամարդկային տագնապներ, ինչպէս նաեւ հայը տագնապեցնող իւրայատուկ եւ ծանօթ հարցեր։ Չորրորդ ու ամէնէն ընդարձակ բաժինը ծաւալումն է նախընթաց բաժինին։ Դրուագներ ու վերլուծումներ կը յաջորդեն իրարու՝ տարածուելով տարիներու վրայ, ի յայտ բերելու ամերիկեան ձուլարանին կապուած կացութիւններ, յուշեր, պատումներ եւ հնարովի թուացող դրուագներ, սակայն այդ բոլորը կ՛ուրուագծեն չոր իրականութիւններ, որոնք անպայման բացասական չեն։ Օրինակ, համով ու լոյս տարածող բաժիններէն է Ուիլեըմ Սարոյեանի հիւրընկալումը՝ Պոսթընի մէջ, կամ՝ Ֆրանսայի այժմու առաջնորդ Նորվան սրբազանին հետ հանդիպումներն ու մտաւորականի ու եկեղեցւոյ առաքեալի անոր դիմաստուերին նկարումը։ Լիբանանի տագնապը հեռուէն ու մօտէն ապրողներու համար, այս բաժինին մէջ հոգեխռով էջեր կան Փիւնիկի երկրին մասին՝ հիւսուած անձնական փորձառութիւններով ու քաղուած այսօր ալ չժամանցուած վերլուծումներու ոսպնեակով։ Մ. Մարկոսեանի ոսպնեակը Պէյրութ կը վերադառնայ 1982ին, իսրայէլեան դաժան յարձակումի օրերուն, ու հինը նորին միախառնող էջերով ընթերցողին աչքերուն դիմաց կը պատկերուի շնչահեղձութիւն մերժող ժողովուրդի մը առօրեան…
Հինգերորդ գլուխը կազմուած է չորս դիմաստուերներէ. հեղինակը կ՛ուրուագծէ Մինաս Թէօլէլեանի ու երաժշտագէտ Ռուբէն Գրիգորեանի պէս դէմքերուն հետ իր հաղորդակցութիւնները, անոնցմէ քաղուած տպաւորութիւններ ու անոնց վաստակին մասին դատումներ։ Նմանօրինակ բաժին մըն է եօթներորդ գլուխը, ուր հեղինակը յարգանքի ու հիացմունքի արտայայտութիւններ ունի իր կազմաւորման ու կեանքին մէջ մեծ ազդեցութիւն թողած երկու անհատներու, նախկին տնօրէնին՝ Արմէն Թօփճեանի ու «Թուղթ առ Երեւան»ի հեղինակ Անդրանիկ Ծառուկեանի մասին՝ գրական թռիչքով մահագրութեամբ։
Իւրայատուկ եւ գրական հարցերով շահագրգիռին համար ուշագրաւ բաժին մըն է վեցերորդ գլուխը, որ կը թողու նոր օրերու մանր ոդիսականի մը տպաւորութիւնը։ Ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, գիտական աշխարհին ու անոր տարրալուծարաններուն մէջ ասպարէզով կլանուած հեղինակը, ինչպէս պէյրութեան օրերուն, նոյնպէս ալ կեանքի պոսթընեան փուլին, գործօն դերակատարութիւն ունեցած է գրական եւ մշակութային կեանքի մէջ։ Գործունէութեան դաշտը տարածուած է թարգմանական աշխատանքի վրայ, Տայանա Տէր Յովհաննէսեանի հետ գործակցաբար հրատարակութեան պատրաստած է հայ գրողներու անգլերէնի թարգմանուած ծաղկաքաղ մը։ Այս իրագործումը, ձեռք բերուած արդիւնքէն բխող բերկրանքին կողքին, իրեն «պարգեւած» է ծանր հիասթափութիւն՝ հետեւանք գործակիցին վարմունքին ու անարդար արարքներուն։ Մ. Մարկոսեան դառնութեամբ ու առանց բառերը ծամծմելու, յախուռն դատապարտանքով կ՛արտայայտուի իրականացուած գործին մէջ իր ներդրումն ու վաստակը անտեսելու, իւրացնելու Տէր Յովհաննէսեանի վերաբերմունքին, նաեւ անոր քմայքներուն ընդառաջ գացողներու մասին:
Հատորին վերջին գլուխը կը ներկայացնէ խորագիրին «դիտարկող»ը, այսինքն՝ հեղինակը, իր կենսագրական ու ասպարէզին մէջ իրագործումներու երեսներով:
Գիրքին արժէքը կը բաշխուի քանի մը գիծերու վրայ։ Նախ եւ առաջ, անիկա ունի վաւերագրական արժէք։ Յետոյ, կայ մտածող, մեր ժողովուրդի անմիջական ու գլխաւոր հարցերով տագնապող, զանոնք վիճարկումի դնող, վէճի մղող մարդու մը «կենսագրականը», կան անձնական, բայց նաեւ անձնականէ անդին՝ մեր ժողովուրդի ժամանակակից հարցերուն պատկերումները։ Գրողին ոսպնեակը պարզ արձանագրող ու արձագանգող չէ, այլ նկարողը ունի յստակ կեցուածք, կը կատարէ դատումներ ու վերլուծումներ, առանց սպասելու, որ ընթերցողը անպայման համակարծիք ըլլայ իրեն։ Այսուամենայնիւ, ընթերցողը պիտի նկատէ, որ հայութիւնը երէկ ու այսօր տագնապեցնող հարցերու նկատմամբ, հեղինակը ունի հետեւողական կեցուածք, որ նոյն գանակէն ելլող ու փորձառութեան կուտակումով հարստացող արտայայտութիւններով կը զարգանայ հատորին մէջ։
Կարելի է անդրադառնալ հատորին ու հեղինակին այլ արժանիքներուն ալ, սակայն ուղղակի ընթերցումը անփոխարինելի է լիարժէք հաղորդակցութեան համար։ Բաւականանանք արձանագրելով գոնէ մէկ այլ կարեւոր արժանիք մը՝ գրական ու ընդհանրապէս հաճելի ու հաղորդական լեզուն, հայերէնի գանձարանին առատաձեռն ու ինքնեկ օգտագործումը, որ բաւարարութեամբ կ՛ընկալուի մայրենիին հաւատարմութիւն ունեցող ընթերցողին կողմէ։