ՖՐԵԶՆՕ.- Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին հողագործական մարզին մէջ սպասարկող եւ իր հիմնադրութեան 20րդ տարին նշող Ֆրեզնօ հաստատուած Հայ ճարտարագիտական խումբը (ATG) Յունիս 16 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երէցեան ու հողագործութեան նախարար Գերասիմ Ալաւերտեան այցելած են Հայաստանի Արմաւիր շրջանին մէջ, նշեալ կազմակերպութեան կողմէ իրագործուող հողագործական ծրագրի մը կեդրոնը: Անոնց ընկերակցած են Արմաւիր մարզի կառավարիչ Աշոտ Ղահրամանեան եւ Փոքր ու միջակ ընկերութեանց զարգացման ազգային կեդրոնի վարիչ Իշխան Կարապետեան:
Հայաստանի մասնաճիւղի Հայ ճարտարագիտական խումբի հիմնադրամի վարիչ Գագիկ Մկրտչեան հիւրերուն ներկայացուցած է շրջանին մէջ գործադրուող հողագործական խնայողական նոր միջոցները, որոնց շնորհիւ Հայաստանի հողագործները յատկանշականօրէն նուազ ծախսերով ու նորագոյն ճարտարագիտութեան օգտագործումով, աւելի արդիւնաբեր արտադրութիւններ կ՛իրագործեն ու աւելի մեծ շահեր կ՛ապահովեն, միաժամանակ նուազ վնաս հասցնելով կենսոլորտին:
Հայ ճարտարագիտական խումբը արդէն իսկ 12 տարիներ տրամադրած է Հայաստանի մէջ հողագործական սերմերու մնայուն պահեստ մը ապահովելու նպատակին: Ծրագիրը արդէն իսկ դրական ազդեցութիւն ձգած է երկրի տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է հացահատիկներու տեղական արտադրութիւնը զգալիօրէն աւելցնել՝ նուազեցնելով անոնց ներածումները:
Նախարարները դրուատած են կազմակերպութեան տարած աշխատանքը, որոնք աւելի կ՛իմաստաւորուին յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստանի տնտեսութիւնը նահանջի մէջ է:
Տուրքերէ զուրկ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել հետեւեալ հասցէին՝ ATG, P.O. Box 5969, Fresno, CA, 93755:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.atgusa.org համացանցային կայքը: