Հայաստանի հանրապետութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ Յունիսի վերջերուն, կարճատեւ այցելութեամբ մը պիտի գտնուի Լոս Անճելըս եւ այս առիթով, պիտի այցելէ Ազգ. առաջնորդարան, պիտի հիւրընկալուի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, հոգեւորականաց դասու, Ազգային վարչութեան ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ, ապա նաեւ մասնակից պիտի դառնայ ժողովրդային հանդիպումի մը։
Դեսպանին առաջնորդարան այցելութիւնը նախատեսուած է Ուրբաթ, 26 Յունիսի երեկոյեան, ժամը 6ին։ Աւելի ուշ, ժամը 7։30ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ (5300 White Oak Ave., Encino) տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք, որուն հրաւիրուած են միութենական ներկայացուցիչներ ու յարգոյ հասարակութիւնը։ Դեսպան Եովանովիչ խօսք պիտի առնէ ու պատրաստ է պատասխանելու ներկաներու հարցումներուն։
Ժողովուրդը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու Ուրբաթ երեկոյեան հանդիպումին՝ լսելու համար ամերիկացի դիւանագէտը ու զրուցելու անոր հետ։
Յայտնենք նաեւ, որ դեսպան Եովանովիչ Կիրակի, 28 Յունիսին ներկայ պիտի ըլլայ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին։