ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերը Հաուայիի շուրջ հակահրթիռային պաշտպանութեան զէնքեր զետեղած են՝ հակադարձելով այն տեղեկութեանց, թէ Հիւսիսային Քորէա կը ծրագրէ յառաջիկայ ամիս այդ կղզիներուն ուղղութեամբ հրթիռ մը արձակել։ Այս ուղղութեամբ, պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց յայտնած է. «Եթէ ամերիկացիներն ու ամերիկեան հողամասը պաշտպանելու կարիք ունինք, ապա լաւ դիրքի մէջ ենք»։