ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 22ին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հրատարակչական գործի գործակալութեան պետ Էդուարդ Միլիտոնեանի տուած տեղեկութեան համաձայն, այս տարի Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ պիտի հրատարակուի շուրջ 160 գիրք. այս գործին համար պետութիւնը յատկացուցած է 130 միլիոն դրամ:
Էդ. Միլիտոնեան նշած է, որ յառաջացած են որոշ խնդիրներ՝ կապուած 2009ին հրատարակուելիք գրականութեան հետ, սակայն ծրագիրը 80 տոկոսով պիտի իրականացուի: Հրատարակչութեան բնագաւառին մէջ ան կարեւոր համարած է երաժշտագիտական գիրքերու լոյս ընծայումը՝ փաստելով, որ թէ՛ ուսումնարանները եւ թէ՛ երաժշտական միջնակարգ դպրոցները այդ գրականութեան պահանջքը ունին:
Այս տարուան համար նախատեսուած գրահրատարակութիւններուն մէջ տեղ պիտի գտնեն թարգմանական, գիտահանրամատչելի, հանրագիտարանային եւ այլ գիրքեր: