ԵՐԵՒԱՆ.- Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանէն «Հետք»ին տեղեկացուցած են, որ վերապատրաստման համար Հայաստան ուղարկուող ուսուցիչներուն համար անոնք թոյլտուութիւն չեն ստացած տակաւին: Մինչդեռ կը նախատեսուէր Երկուշաբթի, Յունիս 22ին, հարցը կարգաւորել: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան տեղեկացուցած է, որ Վրաստանի կրթութեան նախարարութենէն գրաւոր թոյլտուութեան կը սպասեն, որպէսզի ուսուցիչները Երեւան ուղարկեն: Երբ գրաւոր արտօնագիրը պատրաստ ըլլայ, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի տեղեկացնէ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
«Բոլոր տեղերից դրական արձագանգներ կան, տեսնենք, բայց առայժմ ոչ մի պատասխան չկայ: Եթէ մինչեւ յաջորդ Երկուշաբթի ստանանք գրաւոր արտօնագիրը, Երկուշաբթի օրը հնարաւոր է արդէն ուսուցիչներին ուղարկենք Երեւան», ըսած է սրբազանը:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 15ին կը նախատեսուէր Վրաստանէն 90 ուսուցիչներ վերապատրաստման դասընթացքներ սկսէին Հայաստանի մէջ: Սակայն Յունիս 12ին Վրաստանի Ազգային անվտանգութեան ներկայացուցիչները ուսուցիչներուն թոյլ չէին տուած մեկնիլ:
Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդանը, որ նոյնպէս ընդգրկուած էր ծրագրին մէջ, տեղեկացուցած էր, որ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան դիմած է կառավարութեան Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն նիւթի ծիրէն ներս՝ հայ ուսուցիչներու վերապատրաստում կազմակերպելու խնդրանքով, ըստ որուն՝ Հայաստանի կրթութեան, նաեւ սփիւռքի նախարարութիւններուն յանձնարարուած է կազմակերպել վերապատրաստման դասընթացքները:
Ծրագիրը բաղկացած է 64 դասաժամէ, զոր պիտի իրականացնէ Մայր աթոռը եւ Կրթութեան ազգային հիմնարկը: «Երկամսեայ դասընթացը պէտք է մատուցուէր խտացուած՝ երկու շաբաթուան ընթացքում», ըսած է հայր Վարդանը:
ՀՀ ԿԳՆ սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Նունէ Վարդանեանի հաւաստումով, պայմանաւորուածութիւն կար, սակայն Յունիս 12ին ԿԳՆ տեղեկացուցած է, որ խումբը չի կրնար գալ, քանի որ Վրաստանի կրթութեան նախարարութիւնը պէտք է թոյլտուութիւն տայ:
«Քանի որ ուսումնական տարին իրենց մօտ չի աւարտուել, ուսուցիչների բացակայութիւնը նախարարութիւնը թոյլ չի տուել: Առայժմ այդ հարցը քննարկւում է: Տեղեակ է նաեւ ՀՀ ԿԳ նախարար Արմէն Աշոտեանը: Նա փորձել է կապուել Վրաստանի կրթութեան նախարարի հետ, սակայն առայժմ հարցը կարգաւորուած չէ, ուսուցիչները չեն եկել, բայց կարծում ենք, ուսուցիչները կը գան», վստահեցուցած է Նունէ Վարդանեանը:
«Հետք»ի այն հարցումին, թէ Վրաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ի՞նչ պատճառներով կրնար այս կրթական հարցին միջամտել, Նունէ Վարդանեան պատասխանած է. «Վրաստանից մեզ էլ ասացին, որ նման խնդիր եղել է, բայց չեմ կարող ասել, թէ ի՛նչն է պատճառը: Մեզ պարզաբանեցին, որ ռեսուրս կենտրոնների թոյլտուութիւնն ու համաձայնութիւնն իրենք ունեցել են, բայց վերջին պահին, երբ Երկուշաբթի մարդիկ պէտք է գային, նրանց ասուել է, որ առանց նախարարութեան թոյլտուութեան, իրենք չեն կարող մեկնել Հայաստան»:
Սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ներսիսեան տեղեակ չէր, որ ջաւախքահայ ուսուցիչներուն Ազգային անվտանգութեան աշխատակիցները կանչած ու հարցաքննած են, սակայն ան մեզ «հաղորդելու բան չունէր», քանի որ՝ «ինքն այստեղ է, նրանք՝ այնտեղ»:
«Երբ որ յայտնի կը լինի նրանց գալու օրը, մենք կը յայտնենք», ըսած է նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Իսկ այն հարցումին, թէ արդեօք սփիւռքի նախարարութիւնը տեղեակ չէ՞, որ ուսուցիչները տարած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, Գէորգ Ներսիսեան պատասխանեց. «Ամէն ինչ նորմալ է, գալու են»: