ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- ԼՂՀ կառավարութեան Յունիս 23ի նիստի ընթացքին Գործադիր մարմինի քննարկման ներկայացուած է քաղաքացիական օդագնացութեան օդանաւային անվտանգութեան վերաբերող նախագիծերու ամբողջ ծրարը՝ օդանաւային անվտանգութեան ազգային ծրագրի, միջգերատեսչական յանձնաժողովի կանոնադրութեան, անվտանգութեան հսկողութեան կազմակերպման եւ իրականացման, օդակայանին մէջ անցագրային եւ ներառարկայական վերահսկողութեան, հրդեհային անվտանգութեան ապահովման եւ այլ հարցերու մասին:
ԼՂՀ տնտեսական զարգացման փոխնախարար Սուրէն Թամրազեան ծրարը ներկայացնելու ժամանակ նշած է, թէ Ստեփանակերտի օդակայանի շինարարութեան նախագիծի փաստաթուղթերը արդէն աւարտման փուլի մէջ են: «Հետք»ի հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին փոխնախարարը տեղեկացուցած է, որ օդակայանի շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2010 թուականի Հոկտեմբերին: «Առաջին փուլում օգտուելու ենք փոքր աւիացիայի հնարաւորութիւններից՝ Ստեփանակերտ-Երեւան չուերթով», նշած է Ս. Թամրազեան:
Օդակայանի շինարարութիւնը պիտի սկսի մօտակայ 10 օրուան ընթացքին: Ինչպէս օրերս «BRIDGE ARTSAKH» համաժողովի ընթացքին նշուեցաւ, սկզբնական շրջանին կը նախատեսուի օգտագործել փոքր ինքնաթիռներ՝ 14-16 տեղանոց, մատչելի գիներով: