ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ կ՛արտօնէ Սեպտեմբեր 5էն սկսեալ մէկ տարիով երկարաձգել ՄԱԿի դրօշակին տակ Լիբանանի մէջ ծառայող թրքական ուժերուն առաքելութիւնը։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու բանաձեւի որդեգրումէն առաջ զայն վաւերացնելու կոչ ըրած էր խորհրդարանին, շեշտելով, որ այդ առաքելութեան Թուրքիոյ մասնակցութիւնը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ռազմավարական սկզբունքներուն: