ՊՈԼԻՍ.- Վերջերս Պոլսոյ Ֆէրիգիւղի «Մէրամէթճեան» հայկական վարժարանի աշակերտները մեծ յաջողութիւն արձանագրած էին Իտալիոյ մէջ կայացած նստակեաց խաղերու «Մայնտ Լապ» մրցումին ընթացքին: Անոնք նախ իբրեւ Պոլսոյ, ապա՝ Թուրքիոյ ախոյեաններ, իրաւունք շահած էին Թուրքիան ներկայացնելու «Մայն Լապ»ի ողիմպիականներուն։
Պոլսահայ վարժարանի աշակերտութիւնը, Թուրքիոյ անունով, գտնուեցաւ Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքը, ուր մրցեցաւ զանազան պետութիւններ ներկայացնող խումբերու հետ եւ ձեռք ձգեց պատուաբեր արդիւնք մը՝ արժանանալով երկրորդ դիրքին։
Մրցումներու եզրափակիչ փուլին հասած էին տասը երկիրներ՝ Թուրքիա, Իսրայէլ-Ա., Իսրայէլ-Բ., Հունգարիա, Ամերիկա, Ռումանիա, Անգլիա, Պրազիլ, Իտալիա եւ Փորթուկալ։
Մրցումի առաջին դիրքին արժանացաւ Իսրայէլ-Ա. խումբը, իսկ երրորդին՝ Իսրայէլ-Բ. խումբը: