ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը դպրոցաշինական ծրագիր կ՛իրականացնէ Մարտակերտ շրջանի Վաղուհաս համայնքին մէջ: Հիմնադրամին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, ծրագիրը կ՛իրագործուի ԼՂՀ կառավարութեան եւ անհատ բարերարներու հովանաւորութեամբ, որոնց մէջ ամենամեծ ներդրումը կատարած է գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանը:
Շուրջ 670 բնակիչ ունեցող Վաղուհաս համայնքին մէջ կառուցուող երկյարկանի դպրոցին մէջ պիտի ուսանին նաեւ հարեւան Խնկաւանի աշակերտներ: Կրթօճախը նախատեսուած է 240 աշակերտի համար:
«Վաղուհասը Արցախեան գոյամարտից մեծապէս տուժած գիւղերից է: Ուզում եմ հաւատալ, որ դպրոցի կառուցումը վերածնուող համայնքի համար կը դառնայ նոր ձեռքբերումների սկիզբ ու կը նպաստի գիւղի կրթական որակի բարձրացման», ըսած է «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:
Համայնքի ղեկավար Գարեգին Ղարախանեան դպրոցին կառուցումը որակած է իբրեւ՝ «Վաղուհասի փոքր համայնքին մեծ հաւատ ներշնչող նախաձեռնութիւն»: Ան յոյս յայտնած է, որ համայնքի ենթակառուցուածքներուն վերականգնման աշխատանքները շարունակուին, ու Վաղուհասը վերագտնէ իր երբեմնի աշխուժութիւնը:
Յիշեցնենք, որ «Հեռուստամարաթոն 2005»ի շրջանակին մէջ Մարտակերտ շրջանի տարածքային զարգացման համար հաւաքուած գումարով եւ անհատ բարերարներու հովանաւորութեամբ, այսօր Մարտակերտի Դրմբոն, Կոճողուտ, Վերին Հորաթաղ եւ Մատաղիս համայնքներուն մէջ կը գործեն նոր ու ժամանակակից դպրոցներ, իսկ Մարտակերտի մայր ջրատարը, ինչպէս նաեւ Վաղուհաս ու Վանք գիւղերու նորակառոյց ջրագիծերը լուծած են շրջանի բնակչութեան կենցաղային բազմաթիւ խնդիրներ: