ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, իր նոր պաշտօնը ստանձնելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Չորեքշաբթի, Յունիս 24ի նիստին, որուն ընթացքին պատգամաւորներուն տեղեկութիւններ փոխանցած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մասին:
Ան վստահեցուցած է, թէ առանց Ատրպէյճանի կարծիքը առնելու, «Թուրքիա Հայաստանի հետ քաղաքականութիւն պիտի չմշակէ»:
«Թուրք-հայկական սահմանի բացումը մեծ հարց դարձած է, բայց սահմանը բաց էր մինչեւ 1993», ըսած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ Երեւանի հետ Անգարայի յարաբերութիւնները «առանց Պաքուի չեն զարգանար»:
«Թուրքիոյ շուրջ հազար մղոնանոց շրջանին մէջ գտնուող ամէն հարց կը հետաքրքրէ Անգարան», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ այդ շրջագիծին մէջ աշխոյժ եւ ազդեցիկ դեր ունենալու Թուրքիոյ դիրքորոշումը պիտի շարունակուի:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ առաջադրած Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան ծրագրին մասին արտայայտուելով՝ Տաւութօղլուի օգնական Էօնալ Չեւիքէօզ յայտնած է, թէ բացի ծրագրին հիմնական կողմերէն՝ Ատրպէյճանէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն եւ Թուրքիայէն, անոր կրնան մասնակցիլ նաեւ այլ կողմեր, իբրեւ օրինակ նշելով Իրանը եւ ԵԱՀԿի անդամ այն երկիրները, որոնք դերակատար են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: