ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալական Թրիեսթ քաղաքին մէջ կայացած «Մեծ ութեակ»ի արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին ընդունուած յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման մասին: Արտաքին գործոց նախարարները մասնաւորապէս նշած են հակամարտութեան՝ խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման եւ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը:
«Մենք կոչ կ՛ընենք տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն՝ աշխատիլ չկարգաւորուած հակամարտութիւններու խաղաղ ճանապարհով լուծման ուղղութեամբ եւ աջակցիլ մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներուն», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կոչ ուղղուած է տարածաշրջանային համագործակցութեան ուղղութեամբ, ողջունելի գտնելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղուած քայլերը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերը՝ ուղղուած Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
«Կովկասեան տարածաշրջանը ունի ներուժ՝ այդտեղ բնակող ժողովուրդներու համար դառնալու խաղաղութեան եւ բարգաւաճման տարածք», նշուած է յայտարարութեան մէջ: