ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, Յունիս 20ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի հովանաւորութիւնը վայելող Շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջին հանդէսը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ամերիկեան եւ Հայաստանի քայլերգներով, կատարողութեամբ աշակերտներուն: Ապա, բացման խօսքը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գրիգորեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներուն ցուցաբերած հոգատարութեան, գնահատեց անոնց «երկաթեայ» կամքը, որուն շնորհիւ կը գոյատեւէ վարժարանը: Ան դպրոցի ուսուցչուհիներուն եւս դրուատիքի իր խօսքը յղեց՝ գնահատելով անոնց կամքն ու հաւատքը, իրենց ուսուցչական առաքելութեան մէջ:
Ան ծնողներուն ուշադրութեան յանձնեց անոնց զաւակներուն արձանագրած յառաջդիմութինները եւ անոնց ապահոված հոգեկան հանգստութիւնը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց, որ իրենց զաւակները այս հաստատութեան կը վստահին:
Ապա ան հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Պոզոյեանը, որ ողջունելով ներկաները՝ իր գնահատանքի ու շնորհակալութեան խօսքով յատկանշեց վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գրիգորեանի անխոնջ աշխատանքը, իր առաքելութեան նուիրուածութիւնը, ինչպէս նաեւ վարժարանի դաստիրակներուն, ծնողներուն, աշակերտներուն, Ծնողաօժանդակ մարմինին տարած աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը: Ապա, ան շեշտեց, թէ ՀՕՄուհիներուն համար չկայ աւելի փառք բերող գործ, քան հայ զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան արդիւնաւէտութեան ապահովումը՝ վառ պահելով հայկականութեան կրակը:
Ընկհ. Լենան իր ուրախութիւնը կիսեց Կլէնտէյլի նորակառոյց Հայ կեդրոնին բացման առիթով, հրաւիրելով բոլոր ծնողներուն ներկայ գտնուելու բացման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 12ին: Ան նաեւ Հայրերու օրուան առիթով շնորհաւորեց բոլոր հայրերը եւ կոչ ըրաւ անոնց, որ այս առիթով իրենց զաւակներուն փոխանցեն օրուան խորհուրդը՝ «Խօսիլ հայերէն, կարդալ հայերէն»:
Դասընթացքներուն հետեւող աշակերտներուն կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական գնահատելի յայտագիր մը:
5-14 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ, ըստ իրենց տարիքային բաժանումներուն, հանդէս եկան իրենց ծնողներուն եւ շրջանի ընկերուհիներուն առջեւ՝ երգերով, արտասանութիւններով եւ թատերական ներկայացումով մը, որ հատուած մըն էր Յ. Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասներ»էն:
Յայտագիրը իր ամբողջութեան մէջ կ՛ամփոփէր մօր, մայրենի լեզուի ու հայրենիքի նուիրուած երգեր ու արտասանութիւններ՝ արտացոլելով ՀՕՄի հայեցի դաստիարակութիւնը: Մանուկները հաստատեցին, որ իրենք մանուկներն են հայոց ազգի, պատանիներն են՝ արի ու բարի. երդուեցան որ պիտի չմոռնան «ոսկեղնիկ մայրենի լեզուն», որպէսզի հայը ապրի դարէ դար, միշտ հայերէնով ազգը բարձրանայ:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականներու տուչութիւն: Նախ տեղի ունեցաւ 2008-2009 տարեշրջանի վկայականաց բաշխումը՝ Լենա Պոզոյեանի ու Սիլվա Գրիգորեանի ձեռամբ: Վկայական ստացան Ռաֆֆի եւ Փաթիլ Ճինէլէկեաններ, Կատիա Գէորգեան, Թալին Գարամանուկեան, Վանա Աստուրեան:
Ապա, օգնական ուսուցիչները, որոնք կամաւոր կ՛աշխատին, արժանացան նուէրներու: Անոնք են՝ Վերժին Թուլումեան, Փաթիլ Հացագործեան, Ալին Մելքոնեան եւ Ալեք Քորթոշեան:
Ծաղկեփունջերու արժանացան վարժարանի ուսուցչուհիներ Սիլվա Գրիգորեան, Անի Չոլոյեան, Մարիա Ղարիբեան, դաշնակահարուհի տիկին Տայեանա եւ Նայիրի Պալեան:
Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն համար նուէրներ տրամադրեցին Հուրի Մելքոնեանը, Սիլվա Գրիգորեանը, Քարմէն Միրզախանեանը եւ վարչութիւնը: Վիճակահանութեան հասոյթը տրամադրուեցաւ վարժարանին: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Հաճելի ու ջերմ այս պահերը խոստումնալից էին վերադարձի ակնկալիքներով: