Ինչպէս գիտէք, վերջին 7 տարիներուն, «Ֆերահեան» վարժարանի 7րդ կարգի աշակերտները կ՛իրագործեն յատուկ ծրագիր մը, իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին՝ տիկ. Ազատուհի Ղազարեանին հետ։ Իւրաքանչիւր աշակերտ, իր հայերէնի առօրեայ դասերուն կողքին, ամբողջ տարուան ընթացքին կ՛աշխատի ու իր երեւակայութիւնը գործի լծած՝ կ՛ամբողջացնէ իր մտայղացումին արդիւնքը եղող պատմութիւնը, զայն նկարազարդելով գիրքի կը վերածէ, եւ ապա զայն կը ներկայացնէ իր դասընկերներուն, ծնողներուն եւ դպրոցի պաշտօնէութեան՝ «Իմ Գիրքս» ծրագրին ընդմէջէն։
Գիրքին ծննդեան անհամբերութեամբ սպասուած թուականն էր Յունիս 12ը. վարժարանիս «Տիգրանեան» սրահին մէջ համախմբուած էին նաեւ 6րդ կարգի աշակերտներ, ծնողներ եւ «Ֆերահեան» վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսաքեան, փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան եւ ուսուցչական կազմի անդամներ։
Տիկին Ղազարեան հակիրճ կերպով ներկայացուց ծրագիրը եւ յայտագրին ընթացքը, ապա առիթ տուաւ իւրաքանչիւր աշակերտի, որ ամփոփ կերպով ներկայացնէ իր պատմութիւնը։ Սեւանա Նուրեան, Նաթալի Պետրոսեան եւ Շանթ Գարակէօզեան, որոնք յաջորդաբար գրաւած էին երրորդ, երկրորդ եւ առաջին տեղերը, իրենց աշխատանքները ներկայացուցին ամբողջութեամբ։
Ներկայացումէն ետք, առաջին երեք հանդիսացող աշակերտները պարգեւատրուեցան նուէրներով, ապա ներկաները հիւրասիրուեցան դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ։
Վստահաբար իւրաքանչիւր աշակերտի յիշողութեան մէջ անջնջելի կերպով դրոշմուեցաւ իր այս աշխատանքը, որուն ամբողջական իմաստն ու արժէքը ան պիտի զգայ ապագային։
Նման աշխատանքներու շնորհիւ է, որ կը ցանուին սերմերը ապագայ հայ մտաւորականներու եւ հեղինակներու՝ արդարացնելով հայ վարժարանին գոյութեան նպատակներէն մէկը։