ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ինչպէս տեղեկագրած էինք, Յունիս 26ին աշխատանքային այցով Փարիզ ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ֆրանսայի ԱԳ նախարարի նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովի, Պեռնար Ֆասիէի, Մէթիու Պրայզայի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Վեց ժամէն աւելի տեւած բանակցութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած է Նալբանդեան-Մամետեարով դէմ առ դէմ հանդիպումը, այնուհետեւ անոնց միացած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ, Յունիս 4ին Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած հանդիպումէն բխած յանձնարարականին համաձայն, նախարարները շարունակած են բանակցութիւնները՝ քննարկելով արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման առնչուող հարցեր, Մատրիտեան փաստաթուղթին մէջ առաջարկուող սկզբունքներու շուրջ կողմերու դիրքորոշումներու մերձեցման նպատակով:
Նախարարներ Նալբանդեան ու Մամատեարով քննած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն նոր հանդիպման կազմակերպման հնարաւորութիւնը:
Բանակցութիւններու լոյսին տակ, որոշուած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Յուլիսի առաջին կէսին այցելեն տարածաշրջան: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Փարիզի հանդիպումը օգտակար նկատուած է եւ հանդիպման մթնոլորտը գնահատուած է իբրեւ կառուցողական:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա եւս կառուցողական գնահատած է այս հանդիպումը:
«Նախարարներու հանդիպումը միտում ունէր քննարկել երկու երկիրներու նախագահներու յաջորդ հանդիպման հետ կապուած հարցեր: Մենք համակարգեցինք մեր մօտեցումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ եւ շարունակեցինք նախապատրաստել նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի յաջորդ հանդիպումը», «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է Պրայզան, որ հնարաւոր նկատած է նախագահներուն յաջորդ հանդիպման կայացումը Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.