ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիրակի առաւօտեան, «Նայիրի» հիւանդանոցին մէջ, վախճանած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի երիցագոյն միաբաններէն, Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ բազմավաստակ սպասաւոր Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանը: Ան 72 տարեկան էր:
Յիշեցնենք, որ սրբազան հայրը Փետրուար 18ին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանական իր կացարանին մէջ, իրեն ծանօթ անձնաւորութեան կողմէ կողոպուտի նպատակով ենթարկուած էր յարձակման, որուն հետեւանքով ծանր վնասուածք ստացած էր եւ անգիտակից վիճակով փոխադրուած էր հիւանդանոց: Միջադէպէն ի վեր Ներսէս արքեպիսկոպոսը կը գտնուէր Երեւանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի բժիշկներու խնամքին տակ:
Մայր աթոռին կողմէ այս տխուր առիթով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ. «Սրբազան հօր վախճանը մեծ կորուստ է Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցու եւ նրա հաւատաւոր զաւակների համար»:
Ըստ նոյն հաղորդագրութեան, հանգուցեալ սրբազանին աճիւնը Երկուշաբթի, Յունիս 29ին պիտի զետեղուէր Ս. Գայեանէ վանքին մէջ՝ վերջին հրաժեշտի համար: Այսօր՝ Երեքշաբթի, Յունիս 30ին, «Թեղենիքի իր իսկ կառուցած Սրբոց Նահատակաց եկեղեցում (Կոտայքի մարզ) կը մատուցուի Ս. պատարագ, որի ընթացքում կը կատարուի վերջին օծման եւ թաղման կարգը: Յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցու բակում տեղի կ՛ունենայ սրբազանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը»:
Ներսէս սրբազան ծնած էր Կիլիկիա, Գրգխան աւանին մէջ: 1939ին գաղթած է Պէյրութ, ուր յաճախած դպրոցներու շարքին է Անթիլիասի դպրեվանքը:
1957ին ընտանիքով տեղափոխուած է հայրենիք։ Ուսումը շարունակած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանին մէջ։
1965-1969 վարած է Ս. Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի պաշտօն։
1969-72 եղած է Զուիցերիոյ հայոց հոգեւոր հովիւը:
1973 ընտրուած է Անգլիոյ թեմի առաջնորդ։
1999 Յուլիս 4ին ընտրուած է կաթողիկոսական տեղապահ եւ կազմակերպած է կաթողիկոսական ընտրութիւնները՝ 1999ի Հոկտեմբեր 27ին։
Ներսէս սրբազան հրատարակած է 10 անուն բանաստեղծական եւ քարոզական գիրքեր։