ՊԱՔՈՒ.- Իսրայէլը կը պաշտպանէ «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարց»ին գծով, Յունիս 29ին Պաքուի մէջ յայտարարած է Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզը՝ ըստ «Ռեկնում» լրատուական գործակալութեան: Ըստ նոյն աղբիւրին, Իսրայէլ հանդէս կու գայ յօգուտ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Միւս կողմէ «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնած է. «Վստահ եմ, որ Իսրայէլի նախագահին Ատրպէյճան այցելութիւնը երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման մէջ շատ կարեւոր դեր մը պիտի ունենայ»։
Իսրայէլի նախագահը Կիրակի օր ժամանած էր Պաքու։ Ալիեւ յայտնեց, որ Փերէզի հետ քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւտուրի ծաւալին աճը։ Ան ըսած է, որ անցեալ տարի այդ ծաւալը 3.6 միլիառ տոլար էր։
Ալիեւ յայտնած է, որ հողագործութեան, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան, գիտութեան, արուեստագիտութեան եւ անջրպետի ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ գործակցութեան լաւ հեռանկարներ գոյութիւն ունին։ Ան այդ մարզերուն մէջ երկու երկիրներուն ձեռքբերումներուն մասին խօսած է եւ յայտնած, որ կը ծրագրեն ապագային այս դրական ընթացքը զարգացնել։
Ալիեւ յայտած է, որ Փերէզի հետ քննարկած է նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի տագնապները։ «Նախագահը տեղեակ պահեցի Հայաստան-Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կացութենէն։ Դժբախտաբար, հակառակ 15 տարուան զինդադարին, յառաջդիմութիւն եւ տագնապի լուծում գոյութիւն չունի։ Մեր հողերուն 20 առ հարիւրը դեռ բռնագրաւումի տակ կը գտնուի։ Աւելի քան մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներ աքսորի մէջ կը բնակին՝ իբրեւ գաղթականներ եւ երկրին մէջ տեղափոխուած անձեր։ Հակառակ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի՝ հայկական ուժերու ատրպեճանական հողերէն անմիջական հեռացումը պահանջող որոշումներուն, բռնագրաւումը շարունակեց ստեղծելով ոչ միայն մեզի, այլ ամբողջ շրջանին համար եւս մեծագոյն վտանգ»։
Իսրաէյլի նախագահը, իր կարգին յայտնած է, որ ինք Ատրպէյճանի հանդէպ համակրանք ունի։ Ան ըսած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ նմանութիւններ գոյութիւն ունին։ «Մեր երկիրները մեծ հողամասեր չունին, սակայն մեծասիրտ ժողովուրդ ունին», նշած է ան։
Իսրաէյլի նախագահը անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, այն կարծիքը յայտնած է, թէ՝ «Հակառակ բռնագրաւումին, դուք կրնաք ձեր մշակոյթն ու լաւատեսութիւնը փրկել։ Կը հասկնամ, թէ որքա՛ն դժուար է մէկ միլիոն գաղթականներ եւ երկրին մէջ տեղափոխուած անձեր ունենալը ութ միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը համար։ Ատիկա կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճանի մէջ ութ անձերէն մէկը գաղթական կամ տեղափոխուած անձ մըն է, սակայն դուք պատշաճ ձեւով կը յաղթահարէք այս հարցը»: Ապա Փերէզ շրջանային խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ջանքերը բարձր գնահատած է։
Ալիեւ եւ Փերէզ ներկայ գտնուած են մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրի մը, ինչպէս նաեւ երկու կառավարութեանց միջեւ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութեանց մարզին մէջ՝ գործակցութեան համաձայնագրի մը ստորագրութեան։
Միւս կողմէ, Պաքուի մէջ նաեւ հանդիպած են Իսրայէլի ազգային ենթակառուցուածքի նախարար Ուզի Լանտաուն եւ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան ղեկավար Ռովնակ Ապտուլաեւ: Այս հանդիպումէն ետք Լանտաուն յայտարարած է, որ Իսրայէլը շահագրգռուած է Ատրպէյճանէն մինչեւ իր տարածք նաւթի-կազի խողովակաշարերու կառուցման հարցով:
Իր կարգին, Ապտուլաեւ յայտնած է, որ «Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղի եւ Պաքու- Թիֆլիս-Էրզրում կազատարի անընդհատ եւ յուսալի շահագործումը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ապագային քննարկելու կասպիական նաւթն ու կազը մինչեւ Կարմիր ծով հասցնելու հարցերը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.