ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ յայտնեց, որ Հէյպելիատա կղզիին վրայ գտնուող Հալքի դպրեվանքը պիտի վերաբացուի՝ աւելցնելով, որ այժմ կը փնտռուի տարազ մը, որ պիտի արտօնէ յոյն ուղղափառ աստուածաբանական դպրոցը Թուրքիոյ համալսարանական համակարգին մէջ համարկումը։
Կիւնայ շաբաթավերջին թրքական «Քանալ 24» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Թէեւ նախարարաց խորհուրդին մէջ որոշումը չենք վերջնականացուցած, իմ անձնական տպաւորութիւնս այն է, թէ դպրեվանքը պիտի բանանք»։
Յիշեցնելով, որ Հալքի դպրեվանքը թրքական համալսարանական համակարգին չի համապատասխաներ՝ Կիւնայ յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի անոր կարգավիճակին վերաբերեալ տարազ մը գտնելու։ Ան բացատրեց, որ հարցն այն է, թէ դպրեվանքը իբրեւ թրքական համալսարանական համակարգին մէջ համարկուած համալսարա՞ն մը պիտի գործէ, թէ անկախ անձնական երկրորդական վարժարան մը։
«Հիւրիիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ վերջին առաջարկներէն մէկը այն է, որ դպրեվանքը «Վեհպի Քո»չ հիմնարկի հովանաւորութեան տակ գործող Խոչ համալսարանին նման անձնական համալսարանի մը վերածուի։ Հէյպելիատա համալսարանը պիտի գործէ Այաթրիատա հիմնարկի հովանաւորութեան տակ, իսկ պատրիարքը պիտի նախագահէ այդ հիմնարկին եւ թրքահպատակ անձեր պիտի կազմեն անոր վարչութիւնը։ Բայց եւ այնպէս պատրիարքը մերժած է այս գաղափարը։
Եւրոպական միութիւնը երկար ատենէ ի վեր կը պահաջնէ 1971ին փակուած դպրեվանքի վերաբացումը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ապրիլին Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին, իր կարգին դպրեվանքի վերաբացումը պահանջեց։
Եւրոպական միութեան մօտ Թուրքիոյ աւագ բանագնաց Էկեմէն Պաղըշ, յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ Հալքի դպրեվանքի վերաբացումը Թուրքիոյ ներքին հարցն է։
«Թուրքիա պէտք է լուծէ ուղղափառ համայնքի կրօնական պէտքերուն հարցը, Յունաստան եւս պէտք է լուծէ արեւմտեան Թրակիոյ մէջ թրքական համայնքին պէտքերը։ Ասոնք երկու երկիրներուն համար ներքին հարցեր են», ըսաւ ան։
Պաղըշ ընդգծեց, որ թէեւ փոխադարձութեան սկզբունքը պայման մը չէ, երկու երկիրները պէտք է հարցերը միատեղ լուծեն։
Ըստ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին, Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Նիմեծ Չուպուքչուի պահանջով պատրաստուած տեղեկագիր մը դպրեվանքին բացման համար երկու ընտրանք կը նշէ։ Առաջին՝ դպրեվանքի երկրորդական վարժարանի բաժինը պիտի բացուի իբրեւ կրօնական յատուկ դպրոց մը, ճիշդ կրթութեան նախարարութեան վերահսկողութեան տակ գործող կրօնական արհեստից երկրորդական վարժարաններուն նման։ Դպրեվանքի քոլէճի բաժինը պիտի զետեղուի Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդի վերահսկողութեան տակ։
Երկրորդ ընտրանքը այն է, որ դպրեվանքը վերաբացուի հիմնարկի մը կառոյցին տակ։ Երկու ընտրանքներուն համար ալ կարիքը կայ օրէնսդրական բարեփոխումներ կատարելու։