Երկուշաբթի, 29 Յունիսին, դրամաշորթութեամբ ամբաստանուած Պեռնար Մատոֆ, Ամերիկայի Դաշնակցային դատաւոր Տէնի Չինի կողմէ 150 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
Դատաւորը այս առթիւ յայտարարեց, որ ինք իր վճիռով ուզեց փոխանցել պատգամ մը, թէ՝ Մատոֆի յանցագործութիւնը «արտասովոր կերպով չարամիտ» է:
Դատաւորի վճիռը, դատարանէն ներս թէ դուրս, ընդունուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ:
Մատոֆի զոհերու շարքին են շարժապատկերի յայտնի բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ եւ անոր հիմնած բարեսիրական կազմակերպութիւնը: Զոհերու շարքին են նաեւ բազմաթիւ դերասաններ ու արուեստագէտներ:
Մատոֆի զոհերու շարքին են նաեւ աւելի համեստ խաւի պատկանող մարդիկ՝ ուսուցիչներ, ագարակապաններ եւ այլ արհեստաւորներ: