ՊԱՔՈՒ, «ԱՓԱ».- (ԱՓԱ) Ատրպեճանական մամլոյ գործակալութեան համաձայն, Ատրպէյճանի Միլլի Մէճլիսի (խորհրդարանի) արտաքին եւ տնտեսական յարաբերութիւններու յանձնաժողովները, Երեքշաբթի օր, բողոքի նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին՝ դատապարտելով Քոնկրէսի ամավարկի յանձնաժողովին կողմէ արտաքին օժանդակութեանց կապակցութեամբ առաջարկները:
Միլլի Մէճլիսի յանձնաժողովներու միացեալ նիստին ներկայ եղած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Սաֆա Միրզայեւ:
Նշենք, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի ամավարկի յանձնաժողովը անցեալ շաբթուան ընթացքին որոշած էր յաջորդ տարուան ամավարկէն տասը միլիոն տոլարի օժանդակութիւն յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան:
Միլլի Մէճլիսի բողոք-նամակին մէջ կը նշուի, թէ Քոնկրէսի ամավարկի յանձնաժողովի այս քայլը չի նպաստեր ատրպեճանական-ամերիկեան ռազմավարական գործակցութիւնը սերտացնելու ճիգերուն, մանաւանդ այս ժամանակաշրջանին, երբ թէ՛ ուժանիւթի, թէ՛ շրջանային ապահովութեան եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ Ամերիկա-ատրպեճանական գործակցութիւնը ռազմավարական մակարդակի բարձրացած է, երբ հայ-ատրպեճանական բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գծով հասած են նուրբ հանգրուանի մը եւ երբ ակներեւ պահանջք կայ, որ Միացեալ Նահանգները գործէ հաւասարակշռուած ձեւով: