– «Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, իբրեւ տնօրէն այս հաստատութեան, իր բազմաթիւ հրաշագործ իրագործումներուն կողքին, յաջողած է նաեւ «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքին մէջ սերմանել համերաշխութեան եւ ներդաշնակ գործակցութեան ոգին: Իր ամէն մէկ գօտեպնդիչ թելադրանքը աւելի եւս ամրապնդած է միասնականութեան ոգին մեր մէջ:
Իրեն շնորհիւ է, որ սոյն հաստատութիւնը հասած է այս մակարդակին»:
Մարիա Գառնիկեան
– «Գանձ մը կորսնցուցինք»:
Անգին Տէր Սահակեան
– «Հին դասընկեր, գործընկեր եւ անփոխարինելի տնօրէն: Մեզի համար մեծ կորուստ»: Կասիա Մահսերէճեան
– «Վիգէնին՝ դժուարութիւններու հանդէպ դրական ներդրումը եւ առողջ մտածելակերպը մեր առօրեայ աղմուկին ու գործընթացին հեզասահ ընթացք կու տայ»:
Ս. Մարկոսեան
– «Երանի նրանց, ում բացակայութիւնը երբեք չի լցուի: Բարո՜վ գնաս պրն. տնօրէն, ողջ վարժարանն է խոնարհում վաստակիդ առջեւ»:
Միգանուշ Մելքոնեան
– Very saddened, tough replacing him within the Armenian community. Պիտի կարօտնամ իր խրատներուն: He was the light of Pilibos.
Դաւիթ Դաւիթեան՝ ԺԱ. կարգ
– What a privilege it was to serve with an individual who combined the erudite scholar, the accomplished intellectual, and the proficient administrator, and the man with a heart.
Thank you Dr. Yacoubian. I will miss you.
Myriad blessings to you and consummate happiness!
Dr. Hasmig Tashjian
– Dr. Viken Yacoubian took a broken and battered faculty and made it whole; he took a school on the edge of mediocrity and brought it to excellence. Working with him for the past 16 years has been an honor, but I believe that his greatest tribute lies in the strength of the institution and commitment of the faculty he has nurtures so capably.
Jacque Mischler
– Քանի մը անկեղծ նախադասութիւններով կ՛ուզեմ ներկայացնել Ազգային վարժարանէն ներս տնօրէն-ուսուցիչ փոխյարաբերութիւններու եղանակը եւ մտորումներս յայտնել այս պահուն, երբ բարի երթ կը մաղթենք մեր Ազգային վարժարանի տնօրէնին ու նոր ճանապարհ կը հարթենք Ազգային վարժարանի նոր տնօրէնին առաջ:
Առաջին անգամ հանդիպեցայ տնօրէնին դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին, երբ զիս պէտք է հարցաքննէր, իբրեւ ուսուցիչ ընդունելու Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանէն ներս: Ամէն ինչ խօսելէ, գիտելիքներս եւ կարողութիւնս իմանալէ եւ հաստատ համոզուելէ ետք, ան յայտնեց, թէ ես կրնամ Հայ Դատի դասատու ըլլալ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն ներս: Սակայն փոխանցեց շատ կարեւոր խրատ մը, զոր միշտ գործեցի եւ պիտի գործեմ այդ գիտակցութեամբ. «Գէո՛րգ, շատ կարեւոր է, որ նոր սերունդին մէջ հայրենասիրութիւն եւ ազգային հպարտութիւն սերմանես քու դաստիարակութեամբդ: Աշակերտը պէտք է սիրէ հայ դպրոցը, մշակոյթը, լեզուն եւ նուիրուի իր ազգին ու հայրենիքին, եւ անիկա պէտք է ջամբենք ազգային վարժարանէն ներս եւ ո՛չ ուրիշ տեղ»:
Ապա տպաւորիչ էր իր պատգամը Հայերէն բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը ստանձնելուս պահուն: Ան յստակօրէն ըսաւ. «Այս մէկը պատիւ է, բայց յաւելեալ պարտականութեամբ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ զուգորդուած, որ ուսերուդ վրայ պիտի դրուի այս օրէն սկսեալ: Պիտի գործես այս գիտակցութեամբ, խղճամտութեամբ եւ հաւատալով այս կոչումին»:
Նմանօրինակ խորհուրդներու կարգին, վերջապէս, եւ մինչեւ վերջին վայրկեան շեշտեց միշտ դպրոցին համար աշխատիլը, օգնութեան եւ հաւատարմութեան ձեռք մեկնելը յաջորդ տնօրէնին եւ մանաւանդ համեստօրէն իր ձեռք բերած յաջողութիւնը, դպրոցին վերելքը եւ պատիւը վերագրեց ու մեծ բաժին տուաւ իր անձնակազմին եւ պաշտօնէութեան, որ իրեն հետ գործեցին ամբողջ 16 տարիներ հաւատքով ու հաստատակամութեամբ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ տնօրէն, բարի երթ եւ կանաչ ճանապարհ կը մաղթեմ քեզի:
Գէորգ Սարգիսեան
– A transformational & truly devoted leader.
A supportive principal, aiming on excellence.
A man of vision, insight and action.
Wishing you all the best Dr. Yacoubian.
Dr. Manoug Seraydarian