ՌԻԹԱ ՄԱՐՏԱԽԱՆԵԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ
Ես Ռիթա Մարտախանեանն եմ. իմ ուղերձով կը յուսամ, որ կրնամ կարգ մը մտքեր յայտնել եւ արժանանալ ձեր բոլորին ուշադրութեան ու գնահատանքին:
Երբեք չէի երեւակայեր, որ մենք այսքան շուտ պիտի աւարտենք։ Ձեր առաջ կը գտնուի 2009ի Քալիֆորնիոյ նահանգի լաւագոյն դպրոցներէն Ռոզ եւ Ալէք Փիլպոս Ազգային վարժարանի աւարտական դասարանը։
Բոլորիս համար այս րոպէն իրապէս կախարդական պահ մըն է։
Մենք՝ մեր առաջին Այբ, Բեն,Գիմը սկսանք թոթովել այս յարկին տակ, ու հիմա պիտի աւարտենք եւ պիտի երթանք տարբեր ուղղութիւններով, բայց մեզի կապ պահողը պիտի ըլլայ մեր անմոռանալի դպրոցը, մեր երկրորդ օճախը, որ միշտ կանգուն է։
Մեր դպրոցական կեանքէն կ՛ուզեմ նախ անդրադառնալ կարգ մը յիշատակներու.
– Տարօրինակ, բայց իրաւ չեմ յիշեր, եթէ այս տարի աւարտականներս յայտնի չարաճճիութիւններ գործեցինք, ըստ աւանդութեան:
– երկրորդ, կը ցաւիմ որ այս տարին շատ արագ ընթացաւ, ինչպէս ժողովրդական ասացուածքը կ՛ըսէ. «Աչքդ բաց գոցէ ու տարին կ՛անցնի»։
– Իսկ հաճելի բաժինը այդ է, որ ես հպարտ եմ իմ սիրելի դպրոցովս, որ ինձ շնորհեց ու ջամբեց գիտութիւն, իմաստութիւն, մարդկային բարձր արժանիքներ ու ազգային գիտակցութիւն։
– UC Berkeley համալսարանի դիմումնագրին հարցարաններէն մէկուն մէջ կար հետեւեալ հարցումը. «Ի՞նչ իւրայատուկ ներդրում կրնամ տալ համալսարանին», եւ իմ պատասխանս եղաւ. «Իմ ազգային մշակոյթս, մեր լեզուն, հոգեշնորհ մեր աղօթքները, մեր փափուկ բայց արի սիրտը»։
Նկարագրեցի ըսելով. «Հայու ոգին։ Ան նուրբ ու շնորհալի է, բայց միաժամանակ խիզախ ու վեհ, արդարութեան համար պայքարող ու տկարին պաշտպանող, կը սիրէ ասմունքել ու երգել, կը սիրէ վայելել ու վայելցնել, կը սիրէ խնդալ՝ խնդացողի հետ ու սրտի խորէն կու լայ սգացողին հետ։ Մէկ խօսքով, հայը կ՛ապրի նպատակադրուած կեանքով ու չի հանգստանար մինչեւ տեսնէ իր արդար պահանջքի արդիւնքը։ Այս ոգին կը պարտիմ մեր շատ սիրելի դպրոցին, մեր անձնուրաց ու գիտակից ուսուցիչներուն ու տնօրէնութեան»։
Աւարտական ճառերու մեծամասնութիւնը կը շեշտեն միութեան գաղափարը եւ թէ ինչպէ՛ս երիտասարդ աշակերտներու խմբակը, կը դառնայ «շրջանաւարտ դասարան»։ Մեր դասարանին պարագային, միասնականութիւնը բխեցաւ իւրաքանչիւրիս խոր մտերմութեան շնորհիւ։ Այս մտերմութեան հիմքը ամուր է եւ հիմնուած է իւրաքանչիւրիս իւրայատուկ ինքնութեան վրայ եւ ոչ թէ մի երեւակայական հիմքերու վրայ։ Այս է կարեւորագոյն կէտը, որովհետեւ մենք քաջատեղեակ ենք, թէ մենք ո՛վ ենք։ Մենք ասկէ տասը տարի վերջ ալ պիտի յիշենք ու վայելենք մեր բարեկամութիւնն ու հարազատութիւնը:
Կը յիշեմ մեր ութերորդ դասարանի աւարտական տարին, երբ բոլորիս աչքերը ուրախութեան արցունքներով լի, կը փաթաթուէինք իրարու ու մեր մէջ կը տիրէր անորոշութիւն, աչքերնիս սեւեռած էինք վախով դէպի բարձրագոյն ուսումնական տարիները։ Հիմա նոյնպէս սեւեռած ենք մեր կեանքի նոր հանգրուանին ու աշխարհին։ Մեր ապագայ կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւած ժամանակ, հաճոյքով պիտի յիշենք մեր դասատուներն ու մեր դպրոցը, որ մեզ պատրաստեցին յաղթահարելու կեանքի բոլոր խոչընդոտները։
Այսօր, ձեր առաջը կանգնած եմ իբր Valedictorian, բայց Valedictorian ու մետալները առանձնապէս չեն ներկայացներ մեր խորքը։ Մեր դասարանին կարեւորագոյն բնորոշիչն է «Մեր Սիրտը»՝ սէր, եռանդ, քաջութիւն ու կամք։ Այս խօսքերը կը յիշեցնեն Աբրահամը՝ իմ նորատի ողորմած զարմիկս։ Ան անհամբեր կը սպասէր իմ աւարտականի հանդիսութեան, բայց աւաղ…
Սրտիս խորքէն ու յուզմունքով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ ծնողներուս, որ միշտ քաջալերած են ու թիկունք կանգնած իմ կեանքիս բոլոր ելեւէջներուն մէջ:
Մօրս խօսքերը միշտ դրոշմուած են իմ մէջս, երբ կ՛ըսէ. «Դուն հայ խելացի գեղեցկուհի ես եւ մի՛ թողիր, որ մէկը քեզի հակառակը համոզէ»։ Նոյնպէս շնորհակալ եմ քրոջս Անիին, որ միշտ ազնիւ ու բարի գտնուած է իմ հանդէպ եւ բոլոր իմ ուրախ եւ դժուար օրերուս կողքիս միշտ կանգնած է։ Իսկ համեստ մեծ մայրս Խաթունն ու քաղցրասիրտ մօրաքոյրս Վարդուհին, միշտ սորվեցուցած են ինծի ըլլալ կորովի, ու ներշնչած են հաւատք եւ յոյս։
Կ՛ուզեմ նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր ուսուցիչներուս, դպրոցի ղեկավարութեան, դասընկերներուս ու բարեկամներուս, որ պատրաստեցին զիս կեանքի համար։
Այս տարի ապրեցայ մի բացառիկ ներշնչում, որ կ՛ուզեմ կիսել ձեզի հետ։ Մարտ ամսուան մէջ, դոկտոր Վիգէն Եագուպեանը կանչեց զիս իր գրասենեակը, անմիջապէս սարսուռ մը անցաւ իմ մարմինիս մէջ, աչքիս առաջ եկան կարգ մը չարաճճիութիւններ, անօրէն արարքներ, զորս չեմ կրնար խոստովանիլ, որովհետեւ խախտած կ՛ըլլամ մեր դասարանի խոստումը «իրար չմատնել»։ Ուստի դողով ընթացայ դէպի գրասենեակ։ Ան ինձ շատ սիրալիր ընդունեց եւ սկսաւ հարցնել իմ ապագայի ուսման ծրագիրներուն մասին։ Նախ մեծ բեռ մը իջաւ ուսերէս, թէ՝ մտքէս անցածը չէր, եւ երկրորդ, հպարտ ու ուրախ զգացի, թէ մեր տնօրէնը որքա՛ն քաջատեղեակ էր իմ մասիս եւ որքան հոգատար։ Իր խորհուրդներուն եւ իր քաջալերանքին շնորհիւ, ընտրեցի յաճախել UC Berkeley։ Ես կը խոստանամ, որ ձեր անունը ու դպրոցին պատիւը միշտ բարձր պահել ամէնուրեք։
Այո՛, կը կրկնեմ ըսելով՝ «Ձե՛ր անունը», քանի որ երեք տարեկանէս ի վեր կը յաճախեմ այս վարժարանը, եւ ձեզ ունեցեր եմ եւ ընտրեր եմ իբրեւ կեանքի իտէալ։
Ես ու դասընկերներս այս յարկէն ներս մեծցանք մարմնով ու զարգացանք մտքով ձեր եւ մեր շատ սիրելի դասատուներուն ազնիւ ու համբերատար շուքին տակ։ Ձեր ցանկութիւնը լոկ եղեր է մեզ դարձնել օրինակելի քաղաքացի ու գիտակից հայ, ու մեզ պատրաստել՝ դիմագրաւելու ու յաղթահարելու կեանքի դժուարութիւնները։ Ձեր աչքին առաջ են ձեր հունձքը, աւարտական դասարանի արծիւները։ Ձեր հայրական օրհնութեամբ կտրեցէք կապանքները, որպէսզի մենք բարձունքները սաւառնինք, սփռելով մեր հետ «Ալէք Փիլիպոս»ի խիզախ սկզբունքներն ու դաստիարակութիւնը։ Իմ եւ իմ դասընկերներուս կողմէն կը խոստանանք, որ ոչ միայն քաջասիրտ հայեր մնանք, այլ նաեւ մեր մարդավայել եւ ազգաշունչ ներշնչումներով ու խանդավառութեամբ օտարներուն ապշեցնենք եւ փաստենք, թէ՝ «Ո՛վ է Հայը ու Փիլիպոսցին»։
Ցտեսութիւն, մեր սիրելի վարժարան:
ԷՏԻԹ ՆԻԿՈՅԵԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ
Այսօր ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը ներկայանանք ձեր առջեւ, իբրեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 2009 թուականի աւարտական 12րդ կարգ։
Մեր զգացումները արտայայտելու առաջադրանքը դժուար գործ մըն է, որովհետեւ բառերով անկարելի է նկարագրել մեր զգացած յուզումները, զգացումներն ու երջանկութիւնը, զորս այսքան տարիներ իրարու հետ անցուցած ենք կամ մեր զգացած յուզումը, թէ այլեւս պիտի առանձնանանք եւ շարունակենք մեր կեանքը տարբեր ճամբաներով։ Հասած է բաժանումի պահը մեր շատ սիրելի վարժարանէն, որ եղած է մեր երկրորդ տունը։ Հոս, մեծ հայ ընտանիքի մը մէջ մեծցած ենք:
Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել մեր վարժարանի տնօրէն դօկտ. Վիգէն Եագուպեանին, որուն շնորհիւ մեր դպրոցին անունը միշտ բարձր կը պահուի։ Մեր զգացած յարգանքը իրեն հանդէպ անծայրածիր է:
Նաեւ կ՛ուզեմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել մեր անզուգական ուսուցչակազմին, որ միշտ պատրաստ եղած է սիրով դասաւանդելու եւ նոյնպէս քաջալերելու աշակերտներուն։ Դուք մղած էք մեզի դեպի փայլուն ապագայ, եւ մենք ձեզ կը վստահեցնենք, որ երբեք պիտի չընկրկինք, այլ մեր ճակատները բարձր պիտի քալենք դէպի յառաջ, միշտ յաջողելու եւ յաղթելու վճռակամութեամբ։ Մեր մէջ գտնուող հայրենասիրութիւնը, ազգային ոգին, եւ գործունեայ միտքը ձեր անհուն սիրոյ, առաքելութեան ու ձեր գործին հանդէպ ունեցած հաւատքի արդիւնքն է։ Դուք սորվեցուցիք մեզ ինչ որ գիտենք, մանաւանդ լաւ հայ ըլլալը եւ միշտ մեր ազգին օգտակար դառնալը։
Իսկ մեր շատ սիրելի եւ թանկագին ծնողներ, գիտենք, որ այսօր դուք շատ հպարտ էք մեր նուաճումներով, բայց մենք ալ փոխադարձ ձեզմով մեծ հպարտութիւն կը զգանք։ Ձեր եռանդով եւ սիրալիր համբերութեամբ, իբրեւ օրինակ ծառայած էք մեր բոլորին համար։ Առանց ձեր պահանջներուն կամ մեծ ակնկալութիւններուն, կարելի չէր ըլլար որ մենք ձգտէինք դէպի կատարեալը եւ ստանանք այս լաւագոյն ուսումը։ Այս պահուն կ՛ուզեմ յարգանքով խնդրել, որ բոլոր ծնողները ոտքի ելլեն եւ ծափահարութիւն տան իրենց անձին եւ կողքի ծնողքին համար։ Կը խոնարհինք ձեր առջեւ։
«Փիլիպոս»էն ներս անցուցած քաղցր ժամանակները կարօտով պիտի յիշենք, նաեւ մեր Հայաստանի մէջ ունեցած ապրումները միշտ վառ պիտի մնան մեր մտքերուն մէջ եւ յաւերժ պիտի ապրին մեր սրտերուն մէջ։ Մայր Հայաստան, դուն պիտի ըլլաս մեր կեանքի յոյսն ու լոյսը։ Շատերուս համար առաջին այցելութինն էր Մայր հայրենիք։ Միշտ անմոռանալի յիշատակ պիտի մնայ Արարատը, Սիսն ու Մասիսը. երբ առաջին անգամ տեսանք, մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ դրոշմուեցան։ Գառնիի ու Գեղարդի հրաշալի կառոյցն ու գեղեցկութիւնը, Սեւանայ Լիճին ջինջ ջուրը, որուն վրայէն նաւու մը մէջ հայրենասիրական երգեր երգեցինք, Ծիծեռնակաբերդը, ուր անմար կրակին առջեւ բոլորս ալ ապրեցանք նոյն յուզումը ու նոյն մտորումները, բոլորս ալ ուխտեցինք մեր հարիւր տարուան արձագանգող մեր նահատակներուն երազը իրականացնել։ Արցախը, ուր մեր աչքերով տեսանք հայ ազատամարտիկներու բազուկով ազատագրուած մեր հայրենիքը։
Սիրելի դասընկեր-դասընկերուհիներ, ես կասկած չունիմ, որ բոլորս ալ լաւ տեղեր պիտի հասնինք ապագային։ Մեր կարողութիւնները բարձր են, մանաւանդ որ այս միջավայրին մէջ դաստիարակուած ենք։ Սրտիս մէջ գիտեմ, թէ որքան իրարմէ հեռու մեր կեանքի ճանապարհները հասցնեն, միշտ պիտի յիշենք մեր սիրելի վարժարանը։ Երբեք պիտի չմոռնանք մեր ստացած անհրաժեշտ փորձառութիւնները, ուսումը, կրթութիւնը եւ մանաւանդ այն ջերմ ու հարազատ անքակտելի կապը, զոր բոլորս հաստատած ենք իրարու մէջ։ Իմ մէկ մաղթանքը այն է, որ միշտ յիշենք իրար, օգնենք իրարու եւ օգտակար դառնանք մեր համայնքին, մեր հայրենիքին։ Երբեք չմոռնանք, որ մեր կեանքին սկիզբը իրարու հետ անցուցինք հոս, այս սրբացած պատերէն ներս։ Նոյն տեղը սկսանք, եւ որքան տարբեր մեր կեանքերը ընթանան այս աւարտականը ստանալէն ետք, այս կապը միշտ պէտք է պահենք։
ԺԱՆԷԹ ԱԺՏԱՀԱՐԵԱՆԻ
ՈՒՂԵՐՁԸ
Տասնհինգ գեղեցիկ տարիներէ ի վեր կը յաճախեմ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան։ Այս սքանչելի վարժարանին յարկին տակ է, որ կրցանք հասուննալ, դառնալ գիտակից հայորդիներ եւ վարժարանին շնորհիւ է, որ մենք կրցած ենք ստեղծել մտերմիկ յիշատակներ եւ կրցած ենք տեսնել կեանքի գեղեցկութիւնը միասնաբար։
Մեր վարժարանի պատուաւոր տնօրէնութեան շնորհիւ է, որ մենք իբրեւ ամբողջական անհատներ, հասած ենք այսօր հոս եւ կազմած ենք մեր էութիւնը։
Սիրելի՛ վարժարանի նուիրեալ դաստիարակներ, Ձեր անսահման նուիրումը եւ աշխատանքը դրոշմուած է մեր մէջ եւ միշտ կը գնահատենք ձեր ծնողական վերաբերմունքը եւ արի կեցուածքը։ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեա՛ն, ձեր եւ ձեր անձնակազմին տքնաջան աշխատանքով, մեր վարժարանը հասած է այսօր իր արժանաւոր դիրքին եւ սերունդներ կը պատրաստէ ու կը կերտէ համոզումով եւ վճռակամութեամբ։ Դասընկերներուս ու իմ անունովս յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել պրն. Եագուպեանին, որ իր խիզախ, անշահախնդիր ու ազգանուէր աշխատանքին ու վերաբերմունքին շնորհիւ, դպրոցը օրստօրէ վերելք կ՛արձանագրէ։
Մեր դպրոցին ուսուցչակազմը աննման է։ Անոնք ամբողջականօրէն աշակերտներուն նուիրուած ուսուցիչներ են եւ իսկական մանկավարժներ։ Մեզի ջամբած են հայեցի դաստիարակութիւն, ընդհանուր գիտելիքներ, միաժամանակ մեզի տուած են յոյս եւ ուղղութիւն խիզախ որոշումներ որդեգրելու համար։
Սիրելի ուսուցիչնե՛ր, երկար տարիներ մեզ ընդունեցիք իբրեւ զաւակ, եւ մենք ձեզ ճանչցանք իբրեւ երկրորդ ծնողք։ Ձեզի կը պարտինք մեր յաջողութիւնները եւ մեր էութիւնը։ Կը խոնարհինք ձեր ազնիւ առաքելութեան եւ ծառայութեան առջեւ։ Անձնուրացութեամբ ու տքնաջան աշխատանքով մեր ճանապարհը լուսաւորելու ծանր պարտականութիւնը ստանձնեցիք։ Այսօր մեր մէջ շատ յստակ եւ պայծառութեամբ կը ցոլայ ձեր ազնուական կեցուածքը։ Մեր հոգիներուն մէջ քանդակած էք հայեցի դաստիարակութիւն եւ ազգային հպարտութիւն։ Մեր մատղաշ հոգիներուն մէջ սերմանեցիք ազատասիրութիւն, մեր մտքերուն մէջ՝ իմաստութիւն եւ մեր էութեան մէջ՝ ճշմարտութիւն։ Լուսաւորած էք մեր մտքերը կեանքի փիլիսոփայութեամբ, զինած էք՝ ժամանակակից գիտութեամբ եւ պայծառատեսութեամբ եւ մեր հոգիները դարբնած էք արդարութեան մարտիկ դառնալու բուռն փափաքով։ Կը հաւատանք, որ այս յատկանիշները պիտի դառնան ամուր կռուաններ՝ կեանքի մէջ յաջողութիւն գտնելու եւ բարձունքներ նուաճելու համար:
Մեր վարժարանը առիթը ընծայեց այցելելու մեր Մայր հայրենիքը՝ Հայաստանը։ Մենք ապրեցանք մեր կեանքի ամէնէն սքանչելի վայրկեանները:
Հայրենիք հասնելով ականատես եղանք գեղեցկութեան, ինչ որ հիասքանչ էր, զգացինք մեր հայ ըլլալը եւ կարծես դրախտավայր կը գտնուէինք։ Հայրենիքիհողն ու օդը շատ հարազատ եղան, ինչ որ տարիներ մեր ուսուցիչները սորվեցուցած էին իսկապէս, երբ տեսանք ու ապրեցանք, բոլորովին տարբեր էին, որովհետեւ իրական էին եւ հարազատ, իսկ ջուրը՝ կենարար, համով, մաքուր եւ զուլալ։ Մեր ունեցած ու ապրած յիշատակները բիւրաւոր են, թէեւ մէկ տարի անցած է, սակայն մեր մտքերուն մէջ թարմ է եւ տակաւին կը շարունակուի ծլիլ ու ծաղկիլ։ Ամերիկա վերադառնալէն ի վեր մենք գտանք մեր անձերը լուսաւորուած եւ հոգեպէս բաւարարուած։ Մենք հոս կը բնակինք, բայց մեր հոգիները յաւիտենապէս խրուած կը մնան Մայրենի հողին մէջ՝ Հայաստան։
Կ՛ուզեմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել ծնողքիս, որուն յարատեւ ջանքերուն եւ անսահման զոհողութեան շնորհիւ, ես այս սքանչելի հաստատութեան մաս կազմեցի։ Ձեր խրատները կը կրկնուին իմ մտքիս մէջ ամէն քայլափոխին։ Նաեւ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ երկու քոյրերուս, որոնց անձնական փորձառութիւնները օրի-նակ եղած են ինծի, իմ պատանեկութեանս եւ երիտասարդութեանս ընթացքին։ Ձեր ուղղութիւնը օգնած է, որպէսզի որոշումներս հաստատ կայացնեմ եւ ապագաս հարթեմ բարիին ու գեղեցիկին գործակից դառնալով։
Շատ սիրելի դասընկերներ,
Տարիներու ընթացքին կապ մը ստեղծած եմ դասընկեր-դասընկե-րուհիներուս հետ, որ շղթայի մը պէս կամրջած է մեզ իրարու։ Միասնաբար ապրած ենք լաւ եւ վատ օրեր եւ իրարու հետ հասունցած ենք, իբրեւ չափահաս եւ գիտակից անձեր։
Ստեղծած ենք բազմաթիւ յիշատակներ մանկութենէն ի վեր եւ այս բոլորը յաւիտենապէս կ՛ապրի իմ հոգիիս մէջ։ Բոլորդ իւրայատուկ անձեր էք ու սրտիս մէջ տեղ կը գրաւէք։ Կը հաւատամ բոլորիդ կարողութիւններուն եւ վստահ եմ, որ բոլորդ պիտի դառնաք գերազանց հայեր, պարծանքը մեր ազգին, չմոռնալով ձեր արմատական սկզբունքները։ Մեր վարժարանը եղած է մեր երկրորդ տունը։ Մեր շատ յարգելի տնօրէնը՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը, լուրջ, հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանք թափած է ստեղծելու լաւագոյն վարժարանը, լաւագոյն միջավայրը եւ լաւագոյն ազգային ոգին ու շունչը։ Մեր նուիրեալ ուսուցչակազմը երբեք չէ դադրած մեզի ներարկելէ ընդհանուր գիտելիքներ եւ մասնաւորապէս՝ հայու հոգին ու ազգային գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը:
Իմ շատ սիրելի ընտանիքս ու հարազատներս,
Դուք միշտ թիկունքիս կանգնած էք բոլոր որոշումներուս մէջ, նաեւ հաւատացած էք իմ կարողութիւններուս։ Խորին յարգանք եւ շնորհակալութիւն ձեր կատարած անսակարկ նուիրումին, անձնուրացութեան եւ գերագոյն զոհողութեան համար։
Շարունակելով՝ վերջապէս կ՛ուզէի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել իմ դասընկեր-դասընկերուհիներուս, որոնց հետ միասին շրջանցած եմ բոլոր խոչընդոտները։ Մեր վարժարանի մթնոլորտը մեզ դարձուցած է մտերիմ, իսկ մեր մտերմութիւնը պատճառ դարձած է, որ ես ձեզի ընկեր կամ ընկերուհի չկարծեմ, այլ քոյր եւ եղբայր։ Շնորհակալ եմ բազմաթիւ յիշատակներու համար եւ կը յուսամ, որ շրջանաւարտ ըլլալով՝ մեր կապը շատ աւելի ամրանայ եւ յաւիտենապէս անբաժանելի դառնայ։ Կը մաղթեմ ձեզ յաջողութիւն, կանաչ եւ լուսաւոր ճանապարհ։
Հիմա, այս րոպէին, բոլորիդ ալ անխտիր կը մաղթեմ ուրախ եւ խանդավառ ժամեր։